image

Մարկարիթա Սիմոնեան պիտի ամուսնանայ

Մարկարիթա  Սիմոնեան պիտի ամուսնանայ

Russia Today հեռուստաալիքի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանը եւ բեմադրիչ Տիգրան Քէօսայեանը, որոնք յայտնուած են Եւրոմիութեան եւ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու ներքոյ, որոշած են այդ լուրէն տօն ստեղծել:

«Մենք Տիգրանի հետ մտածեր ենք, թէ ինչպէս պէտք է նշել երկուքիս ուղղուած պատժամիջոցները: Մենք որոշեցինք ամուսնանալ», գրած է Մարկարիթա Սիմոնեանը:

Զոյգին երկրպագուները ոգեւորութեամբ արձագանգած են այդ նորութեան: Անոնք կը շնորհաւորեն Մարկարիթա Սիմոնեանը եւ Տիգրան Քէօսայեանը գալիք իրադարձութեան առիթով:

Լրագրողն ու բեմադրիչը քաղաքացիական ամուսնութեամբ կ'ապրին 2013 թուականէն: