image

Մարգար Եսայեան «Միջին Արեւելքի Մէջ Ծագած Հրդեհը Կրնայ Կլանել Աշխարհը»

Մարգար Եսայեան  «Միջին Արեւելքի Մէջ Ծագած Հրդեհը Կրնայ Կլանել Աշխարհը»

 Թուրքիա-  «Եթէ  արեւմուտքը կարեւոր զիջումներու չերթայ  ապա միջին արեւելքի մէջ առկայ հրդեհը կրնայ  կրանել ամբողջ աշխարհը».  Նման կարծիք յայտնած է    լրագրող Մարգար  Եսայեան իր       Daily Sabah պարբերականին մէջ այսօր հրապարակած   յօդուածին մէջ: Եսայեան  մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք շրջանի ընդհանուր իրավիճակը  համոզում   յայտնած է, որ Թուրքիոյ   նիւթական մեծ  վնասներ կրելով կարողացած է   Իրաքէն եւ յատկապէս Սուրիայէն   խոյս տուած մեծ թիւով գաղթականներ ընդունիլ եւ օգնել տագնապի մեղմացման:  7       Յունիսի ընտրութիւններուն   յաղթող    AKP կուսակցութեան ցուցակով  յաղթած եւ պատգամաւոր  ընտրուած Եսայեան  մեղադրած է արեւմուտքը եւ ըսած, որ արեւմտեան երկիրներ ամէն կերպ կը փորձեն  ISIS-ն եւ   PKK-ն  օգտագործել ճնշումներ  գործադրելու  Էրտողանի  իշխանութեան դէմ:  Ան  դիտել տուած է, որ   այսօր Թուրքիոյ մէջ  օր ցերեկով  PKK-ն     բանակի բարձրաստիճան սպաներ կը  սպաննէ  եւ  HDP  կուսակցութիւնը այդ մէկը կ'ընդումի սառն  աչքերով:   Եսայանի կարծիքով  արեւմուտքը պէտք է մոռնայ  Սայքս- Փիքոյի   ձեւաչափը եւ զիջումներու երթալով          գործակցի  շրջանի ազդեցիկ երկիրներուն հետ աւելի արդար, օրէնքի վրայ հիմնուած,  ժողովրդավար եւ  խաղաղ  միջին արեւելք մը ստեղծելու համար: Ան նաեւ   արեւմուտքին  կոչ ուղղած է գործակցելու    իշխող AKP-ին հետ, որովհետեւ իր ըսելով Թուրքիան  շրջանի կայունութիան  թիւ մէկ երաշախաւորողն է:  Հայ   երեսփոխանը  աւարտին  ըսած է, որ եթէ   դէպքերը այս հունով շարունակուին ապա միջին արեւելքի մէջ ծագած հրդեհը  կրնայ կլանել ամբողջ աշխարհը: