Եթէ Իրանին հակամարտութիւն պարտադրուի, Թեհրան առանց հաշուի առնելու պիտի գրոհէ այլ երկիրներու մէջ գտնուող բոլոր ամերիկեան ռազմակայանները. նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Իրանի Պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար Ամիր Նասիրզատէն լրագրողներու խումբի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ինչպէս նշած է snn.ir կայքը, պաշտօնեան, անդրադառնալով ամերիկեան կողմի որոշ պաշտօնեաներու սպառնալիքներուն, ըսած է. «Եթէ համաձայնութեան գալը չյաջողի, հակառակ կողմը զգուշացուցած է, որ այդ պիտի յանգեցնէ հակամարտութեան եւ արիւնահեղութեան: Ես՝ Իրանի ազգի եւ զինուած ուժերու անունով, կ՚ըսեմ.«Եթէ Աստուած կամենայ, բանակցութիւնները պիտի հասնին աւարտի, եւ պիտի խուսափինք հակամարտութենէն, բայց եթէ հակամարտութիւնը մեզ պարտադրուի, հակառակ կողմի զոհերը անպայման աւելի շատ պիտի ըլլան, քան մերը: Այդ պարագային Ամերիկան պէտք է լքէ տարածաշրջանը, քանի որ անոր բոլոր ռազմակայանները մեր հասանելիութեան սահմաններուն մէջ են։ Առանց հաշուի առնելու, մենք պիտի գրոհենք այլ երկրներու մէջ գտնուող բոլոր ամերիկեան խարիսխները», -ըսած է ան:
Պաշտօնեան յիշեցուցած է, որ Իրանը մեծ յաջողութիւններ ունեցած է պաշտպանութեան հարցերու մէջ։
«Մեր վերջին յաջողութիւնը երկու թոն կշռող մարտագլխիկով հրթիռի փորձարկումն էր, որ բարեյաջող իրականացուեցաւ անցեալ շաբաթ»։