Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարձակումը Իրանի դէմ դարձած է աննախադէպ սպառնալիք ամբողջ Միջին Արեւելքի անվտանգութեան համար։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի՝ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալմանի հետ հանդիպման ընթացքին։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն՝ Արաքչին «ընդգծած է, որ սիոնիստական եւ ամերիկեան վարչակարգերու զինուորական յարձակումը՝ որ բացայայտօրէն կը խախտէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ միջուկային զէնքի տարածման դէմ պայքարի համակարգը, դարձած է աննախադէպ սպառնալիք ամբողջ Արեւմտեան Ասիոյ անվտանգութեան ու կայունութեան համար»։
Սէուտական Արաբիոյ թագժառանգի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջեւ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Յուլիս 8-ի իրիկունը։
«Տարածաշրջանի երկիրներուն միացեալ եւ վճռական կեցուածքը, որ դրսեւորուեցաւ այս (յարձակման) դէմ, կը վկայէ փոխհամաձայնութեան մասին՝ սիոնիստական վարչակարգին կողմէ ընդարձակման եւ պատերազմի հրահրման դէմ հաւաքական հակազդեցութեան անհրաժեշտութեան շուրջ», - աւելցուցած են Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն։