Շաւարշ Քրիսեանի սկիզբ դրած այդ շարժումը, այսօր աւելի քան դար մը կը գոյատեւէ, իր հովանիին տակ ընդունելու բազմատասնեակ հազարաւոր հայ երիտասարդներ, որոնք մարզանքի կողքին կը սորվին հայ ըլլալ ու որպէս հայ ապրիլ՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին. այսօր Շաւարշ Քրիսեան կը նկատուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրը՝ հակառակ անոր, որ ՀՄԸՄ-ը ստեղծուած է մեծ նուիրեալի նահատակութենէն մի քանի տարիներ ետք, սակայն որպէս սկզբունք ունեցած է այն բոլորը՝ ինչի մասին բարձրաձայնած ու պայքարած է Շաւարշ Քրիսեան:
Մեծ նուիրեալը նահատակ մըն է հայ ազգին համար, որովհետեւ ձերբակալուած ու բանտարկուած է իր մարզական հաւաքներու պատճառով, որոնք կասկածելի թուած են եւ բանտին մէջ վերջ տուած են իր կեանքին:
Այսօր ծննդեան օրն է այն մեծ հայուն, որ 111 տարիներ առաջ իր խմբագրած գիրքերէն մէկուն խմբագրականին մէջ կը գրէր. «Աշխարհի վրայ ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի կը սիրեմ ազգս». անձ՝ որ բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով պատրաստ էր նոխազ դառնալ՝ ի սէր հայ ազգին, հայ ժողովուրդին եւ մա՛նաւանդ հայ երիտասարդութեան: Այսօր ծննդեան 138-ամեակն է գրող, հրատարակիչ, մարզիչ ու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիր անդամներէն Շաւարշ Քրիսեանի:
Շաւարշ Քրիսեանը միւս նուիրեալներէն տարբերողը երիտասարդութեան ու պատանիներու հանդէպ ունեցած նուիրումն է. ան պատրաստ էր երիտասարդութեան զարգացման համար ամէ՛ն ջանք ի գործ դնել, հաւատալով, որ «այն փոքր տղաքը, որոնք իրենց այսօրուան փոքր հոգիներով, փոքր միտքերով ու փոքր ալ մարմիններով վաղուան մեծ հայութիւնը պիտի կերտեն» եւ համոզուած էր, որ այդ մեծ հայութիւնը ստեղծելու լաւագոյն եւ միակ ձեւը անոնց դաստիարակութիւնն է: Այդ մտահոգութենէն մղուած յաճախ կը քննադատէր կրթական համակարգը։ Ան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը բարձրացնէ իր դժգոհութիւնը. «Մեր վարժարաններուն մէջ կ՚աւանդուին այնպիսի գիտելիքներ, որոնց մեծագոյն մասը կամ աշակերտը վարժարանին մէջ կը մոռնայ եւ կամ կեանքի մէջ անոնց գործածութիւնը պէտք չզգար։ Հոն զանց առնուած են աւանդուիլ իսկապէս այն բոլոր բաները, որոնց անպայման կերպով օր մը առողջ երիտասարդը պէտք պիտի ունենայ ենթարկուելու»: Աւելի քան դար մը ետք, Քրիսեանի բողոքը կը մնայ արիւնող ցաւ, որովհետեւ մեր դպրոցները դարձեալ չե՛ն դասաւանդեր այն բոլորը՝ որ անհրաժեշտ է կեանքին մէջ:
Ան կ՚ուզէր, որպէսզի հայ երիտասարդը կեանքը ճանչնայ իր ամբողջութեան մէջ. իր դժուարութիւններով, իր մարդկային բոլոր յոյզերով ու ապրումներով. օրինակի համար, Քրիսեան կողմնակից էր, որ դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն փոխանցուի սեռական դաստիարակութիւն, որովհետեւ այսօրուան պատանին վաղուան երիտասարդը պիտի դառնայ, պիտի ըլլայ հայր ու մայր եւ այդ «ամօթ» ըսուածին պատճառով չգիտնայ գիտական շարք մը ճշմարտութիւններ՝ որոնք անհրաժեշտ են. դարձեալ Քրիսեանի խօսքերէն են. «Ան (պատանին) օր մը հայր պիտի ըլլայ եւ սակայն զանց կ՚առնուի անոր խօսիլ սերնդագործութեան եւ սեռային խնդիրներու մասին, վախնալով կամ աւելի ճիշդը վախնալ կարծելով որ աշակերտին աչքերը կը բացուին դէպի անբարոյականութիւն»։ Քրիսեան կ՚ուզէր ստեղծել հայ երիտասարդը ճշմարիտ կեանքին բացուելու. այդ իսկ պատճառով կ՚ուզէր վարժարանէն դուրս իր շուրջ համախմբել երիտասարդութիւնը եւ անոր լաւագոյն միջոցը կը տեսնէր մարզանքի մէջ. սակայն նոյնիսկ մարզանքի պարագային Քրիսեան ունէր իր համոզումները. ան մարզանքը կը բացատրէ հետեւեալ բառերով. «Մեզի համար մարզանքները երբեք կեանքի նպատակ չեն, այլ միջոցներ միայն ենթական իր բոլոր կարողութիւններուն բարձրագոյն վիճակին հասցնելու նպաստող». մարզանքը պարզապէս միջոց մըն էր. Քրիսեան մարզանքէն վեր ու առաջնահերթ նպատակ կը նկատէ ՀԱՅ ըլլալը:
Շաւարշ Քրիսեանի ամբողջ պայքարը այն էր, որ նոր սերունդը ստանայ բանական ու քաղաքացիական դաստիարակութիւն, որովհետեւ ան կը հաւատար, թէ դպրոցներուն մէջ դասաւանդուածը «լալու» չափ ազդեցութիւն կը ձգէին մարդու վրայ: Այս բոլորին համար կը պայքարէր, վստահ ըլլալով այն համոզումին, որ «ազգ մը որ զօրաւոր նկարագիր ու մաքուր ապրելու ճաշակը չունի, չի կրնար երկար ապրիլ» եւ Քրիսեան նոր սերունդին մէջ կ՚ուզէր այդ մէկը սերմանել՝ որպէսզի հայ ազգը իրենց ճամբով ապրի երկար:
Այս բոլորը Շաւարշ Քրիսեանը կ՚առաջնորդեն, որպէսզի հայ ժողովուրդին մէջ փորձէ հաստատել սկաուտական շարժումը. 1913 թուականին սկաուտական աշխատութիւններ կը հրատարակէ, իր աշխատութիւններէն մէկուն յառաջաբանին մէջ գրելով՝ «Այս գործը հրատարակելով այն համոզումը ունինք, թէ շարժումին առաջնորդող գաղափարները պիտի կարենան հայ երիտասարդութեան կողմէ իւրացուիլ, կազմուելով նմանօրինակ խումբեր, որոնք կարելիութեան սահմանին մէջ մարզուելով ու գործելով, անտարակոյս ազգասիրական մեծ գործ մը կատարած պիտի ըլլան ու իրաւամբ արժանանան գալիք սերունդներու երախտագիտութեան»:
Շաւարշ Քրիսեանի սկիզբ դրած այդ շարժումը, այսօր աւելի քան դար մը կը գոյատեւէ, իր հովանիին տակ ընդունելու բազմատասնեակ հազարաւոր հայ երիտասարդներ, որոնք մարզանքի կողքին կը սորվին հայ ըլլալ ու որպէս հայ ապրիլ՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին. այսօր Շաւարշ Քրիսեան կը նկատուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրը՝ հակառակ անոր, որ ՀՄԸՄ-ը ստեղծուած է մեծ նուիրեալի նահատակութենէն մի քանի տարիներ ետք, սակայն որպէս սկզբունք ունեցած է այն բոլորը՝ ինչի մասին բարձրաձայնած ու պայքարած է Շաւարշ Քրիսեան:
Մեծ նուիրեալը նահատակ մըն է հայ ազգին համար, որովհետեւ ձերբակալուած ու բանտարկուած է իր մարզական հաւաքներու պատճառով, որոնք կասկածելի թուած են եւ բանտին մէջ վերջ տուած են իր կեանքին:
Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս