Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Ամիսներ առաջ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի որոշումով կարգալոյծ հռչակուած եւ աշխարհական դասուած Թորոս Օհանեանը (նախկին Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան) թրքերէն լեզուով հրապարակած տեսանիւթի մը մէջ անդրադարձած է իր ներկայ վիճակին։
Օհանեան յայտնած է, թէ առողջական լուրջ խնդիրներ ունի եւ մօտ օրերուն բուժման պիտի ենթարկուի Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մէջ։ Ան նշած է, որ բուժումը պիտի իրականացուի ծանր դեղամիջոցներու կիրարկումով՝ յոյս յայտնելով, թէ առողջութիւնը կը վերագտնէ եւ կեանքի նոր փուլ մը կը սկսի։
Տեսանիւթին մէջ Օհանեան նաեւ բացայայտ կերպով դիմած է իր նախկին հոգեւոր եղբայրներուն՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Միաբանական Ժողովի անդամներուն, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր։ Ան ներողութիւն խնդրած է իր գործածին համար եւ աղերսած, որ ապաշխարութենէն ետք իրեն հնարաւորութիւն տրուի վերադառնալու հոգեւորականութեան ու կրկին միանալու իրենց շարքերուն։
Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովը 2-ի հոկտեմբեր 2025-ի իր որոշումով, արձանագրելով, որ հայր սուրբը սահմանուած ժամկէտին չէր արձագանգած իրեն ընձեռուած ապաշխարութեան հնարաւորութեան, զինք կարգալոյծ հռչակած էր եւ աշխարհակապ դասած՝ աւազանի Թորոս անունով։