image

Մամուլի նուիրեալներու վերջին սերունդը՞.Ռեբեկա Պարազեանի մահը՝ Աթէնքի մէջ

Մամուլի նուիրեալներու վերջին սերունդը՞.Ռեբեկա Պարազեանի մահը՝ Աթէնքի մէջ

 Օրերս Աթէնքի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր աչքերը յաւերժին փակած է նուիրեալ հայուհի Ռեբեկա Պարազեանը։

Սովորական մահուան մը բօթը չէ այս լուրը, այլ նուիրական սերունդի մը վերջին մոհիկաններէն մէկուն հեռացման մասին յայտ եւ «ծանոթացման» լուր։

 Տխուր է անշուշտ, որ սփիւռքով տարածուած մեր հասարակութիւններու պարագային նուիրեալները միշտ ալ անտեսուած կ՚ըլլան, ալ ուր մնաց անոնք, որոնք իրենց կեանքը շաղած եւ նոյնացուցած են մեզմէ շատերուն համար «Սրբութիւն սրբոց» համարուող մամուլին հետ։

 Ի հարկէ ժամանակները փոխուած են ու այդ թաւալումներուն հետ ալ մեր մամուլը ամէն օր կը մեռնի, ամէն օր աւելիով կը նահանջէ ու ամէն օր կը ձեւափոխուի։Ձեւափոխումն ի հարկէ պէտք է համարել փրկութեան լաստ՝ փրկօղակ, պայմանաւ, որ հասարակութիւնը պէտքը զգայ այդ մամուլին, ապրի այդ մամուլով ու նուիրուի եւ սիրէ այդ մամուլը։

Շատ պատճառներ կան այսօր հեռանալու մեր մամուլէն, չսիրելու այդ մամուլը, նոյնիսկ արգահատանքի խօսքեր ընելու կամ ջղայնանալու, բայց վաղուան յոյսը եւ մամուլին նուիրուած մարդկանց աւանդն ու թողած ժառանգութիւնն են, որ մեզի կը ստիպեն հաւատալ հայ մամուլին, ու շարունակել անոր առաքելութեան թեւերուն տրուելով մեր կեանքի ճամբորդութիւնը։

 Տիկին Ռեբեկան մէկն էր այդ նուիրեալներէն, որ պայքարեցաւ յանուն մեր մամուլին, սիրցնել տուաւ այդ մամուլը եւ ապրեցաւ ու մահացաւ ի փառս մեր մամուլի առաքելութեան։

 

 Բիւր յարգանք իր յիշատակին։

 Ստորեւ Ռեբեկա Պարազեանի մասին «Ազատ օր»ի կողմէ հրապարակուած հակիրճ մահագրութիւնը՝

Սր­տի դառն կսկի­ծով կը գու­ժենք «Ա­զատ Օր»-ի եր­կա­րա­մեայ ու նո­ւի­րեալ աշ­խա­տող ­Ռե­բե­կա ­Պա­րա­զեա­նի մահը, որ պա­տա­հե­ցաւ հի­ւան­դու­թեան շրջան մը դի­մագ­րա­ւե­լէ ետք։ ­Հան­գու­ցեա­լը տաս­նեակ տա­րի­ներ ան­խոնջ նո­ւի­րու­մով աշ­խա­տե­ցաւ մեր թեր­թի ըն­տա­նի­քէն ներս, յանձն առ­նե­լով տպագ­րա­կան յա­րա­կից աշխատանքներու եւ ցրուու­մի պա­հանջ­կոտ գոր­ծե­րը, զա­նոնք ձե­ռնհա­սօ­րէն ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ վա­րե­լով։ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի ե­լոյ­թին ա­ռի­թով, ան ստա­ցաւ գնա­հա­տան­քի յու­շա­նուէր, ա­ռանց սա­կայն կարողանալ ներ­կայ ըլ­լա­լու։

­Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ թաղ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի հա­ղոր­դո­ւին յա­ջոր­դիւ: