image

Մալաթիոյ մէջ. Յիշատակուեցան աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով մահացած մեր հայրենակիցները

Մալաթիոյ մէջ. Յիշատակուեցան աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով մահացած մեր հայրենակիցները

Օրերս Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի հրամանաւ հովուական այցելութիւն մը կազմակերպուած է դէպի Մալաթիոյ շրջան։

Այ մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պատրիարքարանի Դիմատետրեան էջէն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ճիշդ տարի մը առաջ այս ժամանակներուն Թուրքիան հարուածեց մեծ երկրաշարժ մը, որուն հետեւանքով ալ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ գրանցուեցան բազմաթիւ հայ զոհեր։

Ստորեւ Պատրիարքարանի տարածած լրատւութիւնը.-

Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան հովուական այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ մեր ժողովուրդին։

Տէր Հօր կ'ընկերանար Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան։ Տէր Հայրը 3 Փետրուար 2024, Շաբաթ, ցամաքի ճամբով հասաւ Մալաթիա։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի հայկական գերեզմանատան մատրան մէջ կատարուեցաւ կանոնական պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։

Ի ժամ Սուրբ Պատարագի, նախ քան Տէրունական Աղօթքը պատարագիչ Տէր Հայրը քարոզեց։ Հովուական այս այցելութիւնը կը զուգադիպէր 6 Փետրուարի աշխարհաւեր երկրաշարժի տարելիցին։

Տէր Հայրը նոյն առթիւ Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները ու ցաւակցութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնի մէջ յատկապէս յիշատակուեցան Մալաթիոյ մեր համայնքէն երկրաշարժի ընթացքին իրենց կեանքերը կորուսած Սամի, Այտա, Ալեքս Թապաշները, Մարի Քէսքինը, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի մէջ նորոգ վախճանեալ Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանը։

Ապա հաւատացեալներու բազմութիւնը այցելեց հանգուցեալներու շիրիմները, ուր եւս կանոնական աղօթք կատարուեցաւ։ Տէր Հայրը 5 Փետրուար, Երկուշաբթի, ցամաքի ճամբով վերադարձաւ Հաթայ։