Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի եւրոպական կեդրոնակայանը 25 օգոստոսին փակուած է՝ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, այնուհետեւ վերաբացուած է։ Այս մասին հաղորդած է «Reuters» գործակալութիւնը։
«Կը տեղեկացնենք, որ «Ազգերու պալատ»ին մէջ առաջացած հարցը այժմ լուծուած է։ Բոլոր մուտքերը վերաբացուած են», - մէջբերած է գործակալութիւնը յայտարարութենէն։ Թէ անվտանգային ինչ խնդիր առաջացած է՝ ՄԱԿ-ի եւրոպական գրասենեակէն չեն նշած:
«Ազգերու պալատի» շէնքին մէջ կը գտնուի ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդը։ Ըստ Retuers-ի՝ այն նաեւ հանգոյց կը հանդիսանայ դիւանագէտներու, մարդասիրական ոլորտի աշխատողներու եւ պետական պաշտօնեաներու համար։