Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) առաքելութիւնը կրկին ժամանած է Արցախ:
Պատուիրակութիւնը անցած է Ակնայով եւ շարժած Ասկերան-Ստեփանակերտ ուղղութեամբ։
Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի առաքելութեան առաջին այցը Արցախ 4 հոկտեմբերին էր:
Այցէն ետք ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը հրապարակած էր զեկոյց, որուն մէջ ըսուած էր, որ աւերածութիւններ, բռնութեան դէպքեր չէր նկատուած, եւ Արցախի մէջ կը մնայ 50-1000 հայ: