image

ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կրկին անգամ ժամանած է Արցախ

ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կրկին անգամ ժամանած է Արցախ

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) առաքելութիւնը կրկին ժամանած է Արցախ:

Պատուիրակութիւնը անցած է Ակնայով եւ շարժած Ասկերան-Ստեփանակերտ ուղղութեամբ։

Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի առաքելութեան առաջին այցը Արցախ 4 հոկտեմբերին էր:

Այցէն ետք ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը  հրապարակած էր զեկոյց, որուն մէջ ըսուած էր, որ աւերածութիւններ, բռնութեան դէպքեր չէր նկատուած, եւ Արցախի մէջ կը մնայ 50-1000 հայ: