ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը քուէարկած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի նկատմամբ պատժամիջոցները չեղարկելու մասին բանաձեւի օգտին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Բանաձեւի նախագիծն արժանացած է Խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ի հաւանութեան․ Չինաստանը ձեռնպահ մնացած է։ Բանաձեւը կը ներառէ նաեւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապի անունը միջազգային պատժամիջոցներու ցանկէն հանելու որոշումը։
«Սուրիան իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներուն եւ բարեկամ երկիրներուն Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար», -յայտարարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանին։
ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Իպրահիմ Ալապին նշած է, որ Դամասկոսը կ՚ողջունէ Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւը եւ այն կը համարէ նոր Սուրիոյ, անոր ժողովուրդի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի եւ միջազգային հանրութեան հետ յարաբերութիւններու մէջ անոր անկեղծ ու կառուցողական մօտեցման նկատմամբ աճող վստահութեան վկայութիւն։
Աւելի վաղ տեղեկութիւններ հաղորդուած էին, որ Սուրիոյ նախագահը նոյեմբեր 10-ին Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։