image

Մահացած զինծառայողը 20 տարեկան էր, դէպքը եղած է Վարդենիսի մէջ. մանրամասնութիւններ

Մահացած զինծառայողը 20 տարեկան էր, դէպքը եղած է Վարդենիսի մէջ. մանրամասնութիւններ

Պայմանագրային զինծառայող Սարգիս Խաչատրեանը, որ մահացած յայտնաբերուած է զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ, 20 տարեկան էր, Սոթք համայնքէն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Sputnik Արմենիա»ի աղբիւրը՝ Սոթքէն։

«Տան աւագ երեխան էր, երեք եղբայր են, մէկ քոյր։ Հայրը մի քանի տարի առաջ է մահացել»,- ըսած է թերթի զրուցակիցը։

Անոր խօսքով՝ Սարգիսը մինչեւ իններորդ դասարան սորված է դպրոցի մէջ, ապա քոլեճ գացած է ու զօրակոչուած բանակ, «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագրով կը ծառայէր բանակի մէջ։

Դէպքը եղած է Վարդենիսի զօրամասին մէջ։ Ըստ նախնական վարկածի՝ պայմանագրային զինծառայողն ինքնասպան եղած է։