image

Մահացած է հաւատաւոր Դաշնակցական ՝ Վարուժան Մարգարեանը

 Մահացած է հաւատաւոր Դաշնակցական ՝ Վարուժան Մարգարեանը

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  հալէապահայ  գործիչ, ՀՅԴ անդամ Վարուժան Մարգարեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք»   իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 

 Արմատներով Սասունցի Վարուժան Մարգարեան ծնած է Հալէպ 1933-ին։ 

 Պատանի հասակէն  (15  տարեկանէն) կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ բոլորովին անհատական ճիգերով կը հասնի իր ընտանիքի պէտքերուն։

 

 Կանուխ հասակէն կ՚անդամակցի ՀՅԴաշնակցութեան եւ կը վարէ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ 

 Մաս կը կազմէ նաեւ Հալէպի ազգային կեանքին եւ բոլորանուէր աշխատանքով, սասունցիի ամուր ոգիով իր ծառայութիւնը կը բերէ ազգային հիմնարկներուն, ըլլալով անդամ  թէ դպրոցական մարմիններու հոգաբարձութեան ու թէ ալ հայրենակցական միութեանց վարչութեան։ 

 

2011-ին Սուրիոյ մէջ   սկիզբ առած ծանր պատերազմին հետեւանքով ստիպուած կ՚ըլլայ փոխադրուիլ Հայաստան, ուր նոյնպէս եռանդուն կերպով  կը շարունակէ իր կուսակցական գործունէութիւնը։

 

 Անակնկալ մահով իր աչքերը յաւերժին փակած Վարուժան Մարգարեան սիրուած  անձանաւորութիւն էր, ան կենսասէր էր, եռանդուն եւ բոլորին հասնող եւ այս վսեմ յատկանիշներով ալ պիտի յիշուի իր սիրելիներուն սրտերուն մէջ, դառնալով, որպէս ապրող վկայութիւն մը ՝ Սասնոյ ոգիով  սնուած հայ մարդու իրական ակերպարին։

 

 Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի  օր (այսօր)  Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 13:30 -ին։

 

 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։