image

Մահացած է Հալէպահայ Անահիտ Գանթարճեանը

   Մահացած է Հալէպահայ Անահիտ Գանթարճեանը

 

 Իր ընտանիքին եւ հարազատներուն կողմէ սիրուած ու յարգուած տիկին Անահիտ միշտ ալ ազգային ոգիով դաստիարակած է իր զաւակները, որոնք յաճախած են Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան ու շնորհիւ իր յորդորներուն եղած են անդամ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին։

 

 Օրերս Երեւանի մէջ մահացած է Հալէպահայ Անահիտ Գանթարճեան-Առաքելեանը։

 

 Հանգուցեալը ծնած էր Տէր Զօր 1943 -ին։

 

 Իր ընտանիքին եւ հարազատներուն կողմէ սիրուած ու յարգուած տիկին Անահիտ միշտ ալ ազգային ոգիով դաստիարակած է իր զաւակները, որոնք յաճախած են Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան ու շնորհիւ իր յորդորներուն եղած են անդամ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին։

 

 Նշենք նաեւ, որ Սուրիան հարուածած մեծ պատերազմին հետեւանքով Տիկին Անահիտ  առաջնորդութեամբ իր զաւկին ու միւս հարազատներուն հայրենադարձած ու հաստատուած է Երեւանի մէջ։

 

 Մեր տուեալներով վարակուելէ ետք «Քորոնա»ով  մեր հայրենակցուհին ունեցած է բարդութիւններ ու մահացած է սրտի կանգնումի հետեւանքով։ 

 

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի Մալաթիա շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ վաղը՝  30 Օգոստոս յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին։ 

 

 

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս  «Արեւելք»ի բարեկամներէն ՝ Տիար Աբիկ Գարակիւլէեանին։