image

Մահացած է երիտասարդ հայուհի՝ Հելէն Մանոյեան-Կարապետեանը

Մահացած է   երիտասարդ հայուհի՝ Հելէն Մանոյեան-Կարապետեանը

Յետ կարճատեւ  հիւանդութեան  Միացեալ Նահանգներու մէջ (Լոս Անճելըս)  իր մահկանացուն կնքած է   երիտասարդ հայուհի ՝  Հելէն  Մանոյեան-Կարապետեանը։

 

 Այս  մասին իմացանք հանգուցեալի մտերիմներէն։

Նշենք, որ Պէյրութ  ծնած  Հելէն  Մանոյեան-Կարապետեանը  երկար  տարիներէ  ի վեր    հաստատուած էր ԱՄՆ։ 

Ան մայր էր  երկու զաւակնեու, սիրուած  եւ  գործունեայ միութենական  եւ   համայնքի  մէջ   աշխոյժ ներկայութիւն  հանդիսացող    պարտաճանաչ  հայուհի։

 Այս տխուր  առթիւ իր    հարազատներէն՝  Լիզա  Ճիկէրեան Մանոյեան  գրած է «՝Անհաւատալի է եւ Աստուծոյ դժուարին թող չերթայ, իմ սիրասուն ու բարի տալիկս ոչ եւս է: Կատարեալ քոյր, տիպար կին ու մայր, սիրալիր հօրաքոյրը Մեղեդիիս եւ կնքամայրը Յովիկիս, որոնց իր հարազատ զաւակներուն նման կը սիրէր եւ կ'ուրախանար իրենց արձանագրած իւրաքանչիւր յաջողութեամբ: Փափկանկատ, զօրաւոր, հայրենասէր, հայասէր, աշխատասէր, ստեղծագործ, գեղեցիկ, բարեսիրտ եւ հրաշալի քոյրս երէկ մօրը տարեդարձին օրը միացաւ հրեշտակներուն փաղանգին: Վստահ եմ որ հոգիդ պիտի արժանանայ երկնային արքայութեան եւ օր մը պիտի հանդիպինք անպայման»։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ   երկար  տարիներով ՀՅԴ դաստիարակութեան արժանացած  հայուհին, նոյնիսկ իր ծանր հիւանդութիւնն  անտեսելով  Արցախեան   44-օրեայ պատերազմի  օրերուն    նկարներ պատրաստած էր, զանոնք վաճառած եւ  հաւաքուած գումարները  լումա առ լումա  ուղարկած էր  պատերազմի   նիւթական կարիքները   հոգացող  մարմիններուն։

  Այսպիսի օրինակելիութեան առջեւ անկարելի է   գլուխ չխոնարհել...

 Բիւր յարգանք իր  յիշատակին։