Ըստ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սոֆիայի գրասենեակին՝ 16 Մայիսին, Սոֆիայի մէջ 79 տարեկան հասակին վախճանած է Պուլկարիոյ եւ Եւրոպայի ամենայայտնի հայ աճպարար, մոգութեան վարպետ՝ Աստոր (Անդրանիկ Արապաճեան)։
«Անոր հետ մեր վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 2019 թուականի աշնան, երբ կը պատրաստէինք պուլկարահայութեան նուիրուած ՕՐԵՐ ամսագիրի յատուկ համարը: Կեանքով լեցուն, կատակասէր, տաղանդաւոր ու հայրենասէր հայորդին խոստացած էր, որ յաջորդ այցիս ցոյց կու տայ իր կառուցած մոգութեան տունը՝ Կախարդական թատրոնը:
Աստոր ծնած էր 1943 թուականի 18 Նոյեմբերին պուլկարական Շումէն քաղաքը։ Ծնողները գաղթած էին Թուրքիայէն։ Ութ տարեկանին հրապուրուած է աճպարարութեամբ, հնարքներով, իսկ առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է զինուորական ծառայութեան ընթացքին։ Անոր կեանքին մէջ մեծ դեր խաղացած են չեխական Քարլովի Վարի քաղաքը կատարուող պատրանքներ կատարողներու եւ աճպարարներու տարեկան փառատօնները, ուր բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է։ Ապա նմանատիպ փառատօններ կազմակերպած են Պուլկարիոյ մէջ։ Անոր կեանքին մէջ բացառիկ նշանակութիւն ունեցած է, երբ 1981 թուականին ԱՄՆ-ի Փիթսպըրկ քաղաքին մէջ անոր շնորհած են աճպարարութեան բնագաւառի միջազգային ամենապատուաւոր մրցանակը՝ «Ոսկեայ Օսքարը»։ Այդ մրցանակէն յետոյ, երեք տարի Լաս Վեկաս աշխատած է։ Երկու անգամ նաեւ Հայաստան եղած է եւ ելոյթ ունեցած տարբեր ակումբներու մէջ։
Յայտնի Իսահակ Գոգես իր գիրքին մէջ Աստորը անուանած է «Մոգութեան թագաւոր»։ Լոյս տեսած է Աստորին նուիրուած մենագրութիւն։ Տաղանդաւոր հայը աճպարարութեան 1000-էն աւելի համար ունէր եւ կը հպարտանար, որ ինք ոչ միայն աճպարար է, այլ նաեւ դերասան։
Խորին ցաւակցութիւններ կը փոխանցենք դստեր՝ Արուսին եւ թոռնիկներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ»։
Յակոբ Ասատրեան
Լուրը՝ «Օրեր»-էն: