image

Մահացած է արմատներով Հալէպէն Թինա Գարեգինեանը

Մահացած է  արմատներով Հալէպէն Թինա Գարեգինեանը

Օրերս Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է բնիկ հալէպահայ եւ երկար տարիներով Դամասկոս ապրած  Թինա Մարգար Գարեգինեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն։

 Հանգուցեալը ծնած էր 1947-ին Հալէպ: Ամուսնացած Նուպար Գարեգինեանի հետ եւ տեղափոխուած Դամասկոս: Սուրիոյ պատերազմի օրերուն, 2015-ին տեղափոխուած է Հայաստան, ու մահացած է 3 Դեկտեմբեր, 2021-ին:

 Իր շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն համարուող Ընկհ. Թինան գործունէութիւն ունեցած է Դամասկոսի հայ միութիւններէն ներս: Եղած է Ս.Օ.Խաչի գործօնեայ անդամ ու մաս կազմած իրարայաջորդ վարչութիւններու: Համազգայինի Դամասկոսի մասնաճիւղէն ներս մօտ 8 տարի ստանձնած է ատենապետուհիի պաշտօնը եւ ունեցած զանազան ներդրումներ: Մօտ 10 տարի Ազգային Միացեալ Ճեմարանին մէջ դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գծագրութիւն:

Շրջանաւարտ եղած է Հայաստանի պետական համալսարանէն, ան միշտ սէր ունեցած է գեղարուեստի ու ճարտարապետութեան նկատմամբ: 

Թինա Գարեգինեանը հայրենասէր, ազգային գործերու նկատմամբ նախանձախնդիր, պարտաճանաչ, բծախնդիր, բարեսիրտ, ձեռնառատ ու ընկերային անձնաւորութիւն մըն էր: 

 

 Յարգանք իր յիշատակին։