Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան անդամներէն մէկը ապրիլ 30-ին մահացած է։
Այս մասին յայտնած են առաքելութենէն՝ նշելով, որ դէպքը տեղի ունեցած է աշխատանքէն դուրս՝ ազատ ժամանակ։
«Երկու օր առաջ մահացեր է մեր առաքելութեան անդամներէն մէկը։ Այդ անոր ազատ ժամանակն էր։ Ան մահացած է բնական պատճառներով»,-ըսած են ԵՄ առաքելութենէն։
ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնն իր ցաւակցութիւնը յայտնած է դիտորդի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն։