Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ ազգագրական երգերու եւ երաժշտութեան բանահաւաք եւ երաժշտութեան գիտակ Պետրոս Ալահայտոյեանի մահը եւ խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։
Պետրոս Ալահայտոյեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, Մեծ եղեռնէն վերապրած ուրֆացի ընտանիքի մը մէջ։ Նախ կ՚աւարտէ տեղւոյն Նշան Փալանճեան ճեմարանը, ապա կ՚անցնի Պելճիքա եւ Լուվենի համալսարանէն կը վկայուի որպէս դեղագործ:
Երաժշտասէր Ալահայտոյեան, Նշան Փալանճեան ճեմարանի աշակերտական գրասեղաններուն վրայ իսկ երգերով խանգարած է դասարանը, իր միակ երազը եղած է երաժշտագէտ դառնալը, եւ ոչ թէ իր դեղագործ հօրը ասպարէզը ընդգրկելը:
Ան կը մեկնի Պրիւքսել, ուր Պետական համալսարանէն կը ստանայ իր երաժշտագիտութեան վկայականը։ Պաշտօն կը ստանձնէ Պրիւքսէլի պետական ռատիօ կայանէն ներս:
1985-էն 1994 ան իր ազատ օրերն ու արձակուրդները տրամադրած է փնտռելու 1915-էն վերապրած հայ ծերունիներ Եւրոպայի հայաբնակ աւաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ամերիկայի՝ այցելելով հայկական ծերանոցները եւ հանգստեան տուները։
Հայ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած իր սէրը, Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդին հետզհետէ անգտանելի դարձող յուշագրութիւնները զինքը կը մղեն գէթ մասամբ փրկելու ժողովրդական հայ երգի բեկորները, որոնք տակաւին կ՚երգուէին վերապրողներու կողմէ, հետեւելով, ինչպէս ինք կը նշէ, «Կոմիտասի վեհ օրինակին»:
70-ականներէն, ան Պէյրութի «Ազդակ»ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ին ու այլ թերթերու էջերուն հետեւողական ներկայութիւն եղած է երաժշտագիտական իր յօդուածներով ու երաժշտական ձեռնարկներու (նաեւ արուեստի յարակից կալուածներու) գնահատական-քննադատական իր սիւնակներով:
Հեղինակած է բանասիրական գեղեցիկ հատոր մը, «Բալուի (եւ տարածքաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» ուսումնասիրութիւնը (2009), որ կը մէկտեղէ աւելի քան 25 տարիներու երախտաշատ աշխատանքի մը արդիւնքը։