Կարեւոր ճիգով մը ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պատասխանատու մարմինները գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին կը փորձեն հանրութիւնը վերահասու դարձնել համայնքի եւ յատկապէս թեմի գործունէութեան մասին։ Այս առումով ալ փայլուն աշխատանք կը տարուի հրապարակ հանելով «Կիլիկիա» թեմական պաշտօնաթերթը, որ բաւականին թարմ եւ խոստմնալից նախաձեռնութիւն մըն է։
Բարի երթ մաղթելով «Կիլիկիա» ամսաթերթի մեր գործընկերներուն ստորեւ կը ներկայացնենք թերթի նոր թիւինի ի լոյս աշխարհ գալը աւետող եւ վերջերս հրապարակուած լրատւութիւնը։
Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի վերահսկողութեամբ լոյսին եկաւ Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» երկլեզու պաշտօնաթերթի ընթացիկ տարուան վերջին՝ 3-4 միացեալ թիւը, խմբագրութեամբ Սեդա Գրիգորեանի:
Տեղին է նշել, որ վերջերս առաջնորդ սրբազանը «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի անգլերէն բաժինի վերստուգող սրբագրիչ նշանակեց Ֆրեզնոյի նուիրեալ ազգայիններէն Մարք սրկ. Շիրինը, որ սիրայօժար ստանձնեց իր պարտաւորութիւնը եւ միացեալ այս թիւի անգլերէն բաժինի առաւել քան 60 էջերու լեզուական խմբագրումի աշխատանքը կատարեց:
200 եւ աւելի էջ հաշուող նկարազարդ, բարձրորակ եւ գունաւոր տպագրութեամբ հրատարակուած «Կիլիկիա»ն առաջին հերթին կը միտի հայկական կեանքին մէջ տեսանելի մեծ բաց մը գէթ մասամբ մը լրացնել՝ խթանելով արեւմտահայերէնի գործածութիւնը: Այս առումով, ներկայ թիւին մէջ տեղ տրուած է նաեւ նոր՝ գրական, պատմական, աշակերտական եւ մանկապատանեկան բաժիններու, հարստացնելով պարբերականին բովանդակութիւնը եւ նկարագիրը: Ինչ կը վերաբերի անգլերէն բաժինին, «Կիլիկա»ն կը նպատակադրէ հասանելի դառնալ նաեւ հայերէն գրել-կարդալու դժուարութիւն ունեցող ամերիկահայ սերունդներու, որպէսզի ամրապնդուին անոնց եւ հայ իրականութեան միջեւ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային կապերը:
Արդարեւ, «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը հայելիացումն է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի վերջին վեց ամիսներու գործունէութեան դաշտերուն եւ իրագործումներուն՝ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Լաս Վեկաս, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Ֆրեզնօ, այլեւ մինչեւ Լիբանան եւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն: Աւելի՛ն. պաշտօնաթերթին մէջ մեծ չափով նաեւ ներկայ է համայնքը ամբողջ՝ իր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային բաղադրիչներով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի ծխական եկեղեցիները եւ Ազգային վարժարանները, բարեկամներն ու բարերարները, միութիւններ եւ ժողովուրդ, որոնք ագուցուած իրարու՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը կը կենսաւորեն եւ մեր ազգային կեանքին կու տան շունչ ու երանգ, իմաստ եւ խորութիւն, աւելի եւս դրոշմելով հայկական ինքնութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի այս ափերուն:
Կը հաւատանք, որ հազարաւոր հայ տուներ մտնելով՝ «Կիլիկա» պաշտօնաթերթը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ արեւմտահայերէնի գործածութեան բարելաւման ու տարածման, հայ-քրիստոնեայ մարդուն հոգեմտաւոր կազմուածքի ամրապնդման եւ շրջանի հայկական կեանքի առաւել պայծառացման մէջ: