image

Լոս Անճելըսի մէջ. Լոյս տեսած է Ազգային Առաջնորդարանի «Կիլիկիա» ամսագրի հերթական համարը (Լուսանկար)

Լոս Անճելըսի մէջ. Լոյս տեսած է Ազգային Առաջնորդարանի «Կիլիկիա» ամսագրի հերթական համարը (Լուսանկար)

Լոս Անճելըս տպագրուող՝ «Ասպարէզ»էն վերահասու դարձանք, թէ օրերս լոյս տեսած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ՝ «Կիլիկիա» ամսագրի հերթական թիւը։

Թերթը այս մասին մասնաւորապէս կը տեղեկագրէ՝

Չորեքշաբթի, 27 Մարտին լոյս տեսաւ Ազգային առաջնորդարանի «Կիլիկիա» երկլեզու պաշտօնաթերթի երրորդ տարուան (2023) երկրորդ թիւը, որ կը բացուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի (ներկայիս՝ արքեպիսկոպոս) հայ ուսուցիչներու եւ դաստիարակներու ուղղուած օրհնութեան խօսքով՝ արտասանուած անցեալ Հոկտեմբերին, Թարգմանչաց տօնին առիթով Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կազմակերպած «Ուսուցիչներու վերապատրաստման օր»ուան մուտքին, առ ի գնահատանք նոր սերունդի զաւակներուն հայեցի կրթութիւն ջամբող նուիրեալ մշակներուն եւ անոնց վաստակին: 

Խմբագրութեամբ Սեդա Գրիգորեանի, գեղարուեստական ձեւաւորումով Ալեքս սրկ. Գալայճեանի, նկարազարդ, գունագեղ, բծախնդրօրէն պատրաստուած եւ մօտաւորապէս 200 էջեր հաշուող այս թիւը եւս, նախորդներուն նման, լայնօրէն կ՛անդրադառնայ առաջնորդ սրբազան հօր աւելի քան վեցամսեայ գործունէութեան՝ հոգեւոր, ազգային, կրթական, մարդասիրական եւ բոլոր այն բնագաւառներուն մէջ, ուր առաջնորդին տնօրինութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը իր բարոյական եւ նիւթական զօրակցական նկատառելի ներդրումը ունեցած է՝ հովուական այցելութիւններէն մինչեւ ծխական շրջաններու վերածաղկում, լուսաւոր պատգամներ եւ նոր հողատարածքներու գնում, Սարկաւագաց ձեռնադրութիւն ու Ազգային վարժարաններու ընդարձակում, հանդէսներ եւ մրցանակներ, «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հիմնադրամի հիմնում եւ Արցախի, Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան կարիքներու բաւարարման համար խիստ օգտաշատ նախաձեռնութիւններ, այլեւ վաստակաշատ միութիւններու եւ ազգաշէն ու եկեղեցանուէր ազգայիններու ուղղուած գնահատանքներ, շքանշաններու տուուչութիւն, հանգանակային տօնավաճառք եւ բարերարութիւններ՝ ազգային կառոյցներու եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու, ինչպէս նաեւ՝ համայնքային կեանքը ոգեւորող գեղարուեստական բարձրամակարդակ ծրագիրներու մատուցում, Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն եւ գաղութային տեսակ-տեսակ հրավառութիւններ, որոնք ժամանակագրական կարգով լաւագոյնս կը ներկայացնեն Ազգային առաջնորդարանի խստաբիբ ջանքերուն յուսավառ արդիւնքները եւ համայնքի անցեալ վեց ամիսներու աշխատունակութեան ոգին, ազգի յիշողութեան տոմարին մէջ դաջելով մեր ներկայ կեանքը պատմող նշանակալի իրադարձութիւններ: 

Նորատիպ այս թիւը նաեւ կը բովանդակէ հոգեւոր հայրերու հեղինակութեամբ քրիստոնէական հաւատքի ուսուցման նպաստող երկլեզու գրութիւններ, ինչպէս նաեւ գրական-մշակութային ընդարձակ բաժին մը, ուր կ՛երեւին հայոց լեզուի զոյգ ճիւղերով արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ, հայրենի եւ սփիւռքահայ ապրող ծանօթ գրողներու եւ նորերու ստորագրութեամբ, ապա «Նոր Ծիլեր» գլուխին տակ իրարու կը յաջորդեն Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աւարտական 12րդ կարգի աշակերտներուն գրական փորձերը, քիչ անդին կը ծանօթացուի «Ծիծեռնակ» կայքէջը, որ հայանպաստ նորութիւններ կը փոխանցէ հայ պատանիին ու երիտասարդին, որոնք իրենց տարիքին համապատասխան հայերէնով նիւթեր կ՛որոնեն համացանցի վրայ: «Ծիծեռնակ»ին հիմնադիրն է ֆրանսաբնակ բազմամեայ ուսուցչուհի եւ գրող Նորա Պարութճեան: 

Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի եւ ընդհանրապէս քալիֆորնիահայութեան աստուածահաճոյ գործերու ներկայացման իւրայատուկ բեմն է. անոր էջերուն մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վերաբերեալ համահայկական բնոյթի լուրեր, որոնք կը շահագրգռեն ովկիանոս կտրած բազմաթիւ հայորդիներ: 

2023ի երկրորդ կիսամեակը հանդիսադրող այս թիւին մօտաւորապէս վերջին 50 էջերը անգլերէնով համառօտակի կը ներկայացնեն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի եւ համայնքի գործունէութիւններուն վառ կողմերը՝ ըստ կարելւոյն յագուրդ տալու համար նաեւ անգլիախօս հայութեան հոգեմտաւոր պահանջներուն:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի ներկայ կեանքը պատմականօրէն ամրագրելու կոչուած «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթը իր գոյութեամբ եւ ստեղծած հմայքով կը նպաստէ հայոց դարաւոր լեզուին ընդմէջէն հայ-քրիստոնէական ոգին ընդմիշտ թարմ եւ ի կեանս պահելու Ազգային առաջնորդարանի խիզախ ձգտումին, որ միաժամանակ է՛ գերագոյն անհրաժեշտութիւն ու համազգային նպատակ: