Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ժամը 19:00-ին վառուեցան երկրի գլխաւոր տօնածառի լոյսերը:
Երեւանի քաղաքապետարանէն տեղեկացուցին, որ այս տարի ամանորեայ միջոցառումներ եւ հրավառութիւն չէ կազմակերպուած եւ քաղաքապետարանի Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը պիտի չգործէ:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով տօնածառեր տեղադրուած են նաեւ Երեւանի վարչական շրջաններու մէջ:
Տեսանիւթը՝ Factor.am կայքէն։