image

Լոս Անճըլըսի «Մեսրոպեան վարժարան»ի սաները հայրենիքի մէջ

Լոս Անճըլըսի «Մեսրոպեան վարժարան»ի սաները  հայրենիքի մէջ

 Շնորհիւ Levon Travel ընկերութեան Լոս Անճըլըսի «Մեսրոպեան վարժարան»ի բարձր դասարանի սաները այցելած են՝ Հայաստան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Levon Travel -ի դիմատետրեան էջէն, որ այս առթիւ կարճ հաղորդագրութիւն մը ներկայացուցած է։

 

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ճամբորդական ոլորտին մէջ մեծ փորձ եւ անուն ունեցող Levon Travel ընկերութիւնը կը շարունակէ իր ծառայութիւնները եւ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի ԱՄՆ-Հայաստան օդային կապի  առաջատար փոխադրական ընկերութիւն, որուն սեփականատէրն է, մեր հայրենակից՝ Կարպիս Թիթիզեան։