Լոս Անճելըսի մէջ.Մեծարուած է ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանը
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդէն վերահասու կը դառնանք, թէ Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, Ֆընիշիա ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հ. Հ. Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի անձին ու վաստակին նուիրուած մեծարման երեկոյ, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդին, ներկայութեամբ Լոսանճելըսի հայ համայնքը ներկայացնող հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:
Երեկոյթի հանդիսավար իրաւաբան Կարօ Ղազարեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նշեց, որ Համահայկական խորհուրդ յառաջացնելու գաղափարը ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ իրականութիւն դարձաւ 2019-ին, նպատակ ունենալով Լոս Անճելըսի հայ համայնքի առաւել կազմակերպուածութիւնն ու հզօրացումը, ապա դրուատեց մեծարեալ Դոկտ. Բայբուրդեանը Լոս Անճելըսի հայ համայնքի կարիքներուն նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան եւ նորաստեղծ Խորհուրդին հետ գործակցութեան համար, վեր առնելով այն փաստը, որ մեծ եղաւ դերը Դոկտ. Բայբուրդեանի՝ Ատրպէյճանի դէմ կազմակերպուած ցոյցին, որուն մասնակցեցան 100 հազարէ աւելի ցուցարարներ՝ բողոքելով Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շղթայազերծուած ազերիաթրքական նորագոյն պատերազմին դէմ, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումին ի հետեւանք Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ՝ լիբանանահայութեան ի նպաստ աւելի քան մէկուկէս միլիոն տոլարի հանգանակութեան մէջ:
Մեծարանքի ձեռնարկին, դրուատանքի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներ եւ Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքէն՝ Հայր Բարսեղ Պաղտասարեան, Հայ Աւետարանական համայնքէն՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Արցախի հոգեւոր հովիւ՝ Պարգեւ Սրբազան Մարտիրոսեան, Համահայկական Խորհուրդի համադրող, Հայ դատի ներկայացուցիչ՝ Լենա Պոզոյեան։ իւրաքանչիւրը վեր առաւ Դոկտ. Բայբուրդեանի ազգային ղեկավարի յատկութիւններն ու ծառայական շնորհները՝ ի նպատ Արցախի եւ Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ հայութեան բարօրութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին իրաւաբան Ղազարեան նաեւ ներկայացուց Դոկտ. Բայբուրդեանի դիւանագիտական ասպարէզը՝ մասնագիտական կրթութենէն (վկայուած՝ Հարվըրտ համալսարանէն եւ Մասաչուսէցի Արհեստագիտութեան հիմնարկէն, ապա Դոկտորի կոչում ստացած Երեւանի Պետական համալսարանէն) մինչեւ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօն (երկու անգամ Լոս Անճելըսի մէջ, նաեւ Հնդկաստանի մէջ եւ դիւանագիտական այլ աշխատանքներ): Այնուհետեւ, Հայաստանի պալատի Կառավարիչներու խորհուրդի ներկայացուցիչ՝ իրաւաբան Ժոզէճ Կանիմեան շնորհաւորեց Դոկտ. Բայբուրդեանը իր արձանագրած նուաճումներուն համար՝ նշելով, որ այս ոչ թէ աւարտ, այլ սկիզբ մըն է հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս շարունակուող ծառայութեանց, իսկ Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանապետ Քարլ Փավիլիթիս գնահատանքի խօսքեր ուղղեց մեծարեալին, Կլենտէյլի հայութեան կեանքին մէջ արձանագրած յատկանշական բարեփոխումներուն համար, անոր նուիրելով գնահատագիր։ Իսկ Կլէնտէյլի քաղաքապետ Փոլա Տիվայնի անունով պատրաստուած հրչակագիրը։
Խօսքերու աւարտին, առ ի գնահատանք իրենց անսակարկ ծառայութեան, համահայկական խորհուրդի անունով, Պրն. Աւետիք Իզմիրլեան եւ Դոկտ. Ռաֆֆի Պալեան, Դոկտ. Բայբուրդեանի նուիրեցին փորագրուած յատուկ գրիչ եւ յուշանուէր մը, իսկ իր նուիրեալ Տիկնոջ՝ Իվեթ Բայբուրդեանի՝ հայկական տառերով նախշազարդուած գեղեցիկ քող՝ Մայտա Քիւրքճեանի եւ Շուշան Պաղպուտարեանի կողմէ։
Հուսկ, հայրենի մեծարեալ դիւանագէտ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ Խորհուրդի բոլոր անդամներուն, իրենց ներկայութեան եւ արտասանած խօսքերուն համար, ապա գնահատեց Լոս Անճելըսի հայ համայնքն ու Համահայկական խորհուրդը՝ իբրեւ դրական ներուժ եւ միութեան բացառիկ օրինակ, որ պէտք է շարունակուի, իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Համահայկական խորհուրդի ցուցաբերած ողջունելի կեցուածքն ու հայրենիքի օգնութեան համար հնչեցուցած կոչերն ու ի գործ դրած ճիգերը: Ան նաեւ վստահեցուց, որ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու նոյն այս ոգիով Խորհուրդը նաեւ կը շարունակէ իր ծառայական աշխատանքը համայնքի կեանքէն ներս: Ապա նշեց, որ յետ աշխատանքային պարտաւորութեանց, ինք կը մեկնի դիւանագիտական հանգիստի, մէկ տարուան ժամկէտով:
Կազմակերպիչ խորհուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսավար Ղազարեան, ապա Հոգեւոր հայրերը կատարեցին հանդիսութեան փակման աղօթքը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ