Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետած է Լոս Անճելըսի Քրեսնթա շրջանի Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ արարողութեանց աւարտին ծաղկեայ փիլոն մը տուած է ծխատէր քահանայ հօր։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց եւ քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակով ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի եւ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Քրեսենթա համայնքի եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծառայական վաստակ շահած շրջանի հին ու նոր բոլոր հանգուցեալներու հոգիներուն համար:
Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Տիկինը՝ Ծովիկ, որ անդամ է Ազգ. վարչութեան, եւ շրջանի հաւատաւոր ժողովուրդը:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հովիւը, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, զոր խմբավարեց հանրածանօթ թենոր Տիար Պերճ Քիրազեան:
Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքի առաջին բաժնով եկեղեցին լեցուցած ներկաները հրաւիրեց յոտընկայս հետեւելու իր կողմէ ընթերցուած՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի կոնդակին, որով ծաղկեայ փիլոնի իրաւունք կը շնորհուէր Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի: Յետ ընթերցման, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հօր կողմէ Արեւմտեան Թեմին շնորհուած այցելութեան ընթացքին, ինք խնդրամատոյց եղած էր Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ քահանայական կարգի երկրորդ աստիճանի պատիւին արժանացնէ Ղեւոնդ Քահանան. «Այս պահուն այդ պատիւը կը մարմնաւորուի Հայրապետական կոնդակով եւ ծաղկեայ փիլոնի տուչութեամբ», աւելցուց ան եւ յատուկ աղօթքներով օրհնեց ծնրադիր Քահանայ հայրն ու անոր ուսերուն դրուած ծաղկաւոր փիլոնը:
Այնուհետեւ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս քարոզեց ծառայութեան մասին եւ դիտել տուաւ, որ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալով արմատական փոփոխութիւն կրեց ծառայութեան հասկացողութիւնը՝ անհատին մատուցուած բոլորին ծառայութեան ուղղութիւնը փոխելով անհատէն դէպի բոլորը, որուն լաւագոյն օրինակը Յիսուս Քրիստոսն է, որ աշխարհէն վեր ըլլալով հանդերձ խոնարհաբար աշխարհ եկաւ եւ ծառայեց մարդկութեան, որպէսզի ընդհանուրը փրկէ չարին ճիրաններէն եւ նոր կեանք պարգեւէ բոլոր Իրեն հաւատացողներուն։
