image

Լիթուանիոյ նախագահէն խոստում. «Պիտի պահպանուի Արցախի հայկական ժառանգութիւնը»

Լիթուանիոյ  նախագահէն խոստում. «Պիտի  պահպանուի Արցախի  հայկական ժառանգութիւնը»

Լիթուանիոյ նախագահը խոստացած է ամէն կերպ աջակցիլ Արցախի մէջ եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանման: Այս մասին Երեւանի մէջ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետի հետ հանդիպումէն յետոյ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը:

«Յատկապէս ընդգծուել է Արցախում եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներում հայկական մշակութային յուշարձանների պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: Այդ ծիրին մէջ նշուել է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագիտական առաքելութեան` Արցախ եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ այցի կարեւորութիւնը», ըսաւ Խաչատուրեան: