Լիպիա- Երկուշաբթի օր, Լիպիոյ բանակի խօսնակները յայտարարած են, թէ Լիպիոյ կառավարութեան պատկանող պատերազմական օդանաւեր, Պէնկազիի մէջ ռմբակոծած են նաւակ մը եւ ընկղմեցուցած զայն եւ հարուածած այլ նաւակ մըն ալ: Հարուածներուն պատճառը եղած է այն, որ երկու նաւերը բեռցուած եղած են զինեալ ահաբեկիչներով եւ զինամթերքով: Յայտնենք, որ Լիպիան տակաւին կը մնայ քաոսային վիճակի մէջ, ուր կան երկու կառավարութիւններ, երկու խորհրդարաններ, որոնք իրարու դէմ կը պատերազմին, տիրապետելու համար երկրին վրայ: Նշենք նաեւ, թէ վերոյիշեալ երկու կառավարութիւններն ու երկու խորհրդարանները, Լիպիոյ որոշ շրջաններուն վրայ կը տիրապետեն: