Պատկերացուցէք ինչ իրադրութեան առջեւ է Լիբանանը։
Քաղաքացին, որ փորձած է վառելանիւթի կայարան մօտենալ եւ հերթ սպասելով (կամ սպասել չուզելով) խնդիր կը հարուցէ եւ նեղանալով ու առանց պէնզինի կայարանի մօտէն հեռանալով հրթիռ մը կը նետէ կայարանին ուղղութեամբ ... պատճառ դառնալով մեծ ահի ու հրդեհի։
Նման դէպքեր կը կատարուին միայն իշխանութիւնը կորսնցուցած, ապօրինի զէնքի առկայութիւնը «շալկող» եւ բոլոր առումներով «նահանջ դար» ապրող պետութեանց մէջ։
Այսօր Լիբանան այդ օրին է, հայրս, եթէ ողջ ըլլար պիտի ըսէր ՝ «Ո՞ւր ես Ֆուատ Շըհապ, ո՞ւր ես արդար առաջնորդ, որ պիտի կարողանաս միայն օրէնքի ուժով Լիբանանի հարցերը լուծել ...»։
Իրաւացի է ու մեծ հաշուով տեսանելի է, որ Լիբանան ինկած է մեծ ճահիճի մը մէջ, որմէ փրկուելու համար իմ գողտրիկ ծննդավայրս այս օրերուն պէտք ունի հրաշքի մը։