image

Լիբանանի տնտեսական վիճակն արտակարգ դրութիւն կը պահանջէ. Ելեւմուտքի նախարար

Լիբանանի տնտեսական վիճակն արտակարգ դրութիւն կը պահանջէ. Ելեւմուտքի նախարար

Լիբանանի տնտեսական վիճակը երերուն է եւ կը պահանջէ, որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն սահմանուի: ՌԻԱ Նովոսթիի հետ զրոյցին այս յայտարարութիւնը ըրած է  Լիբանանի ելեւմուտքի նախարար Ամին Սալամի։

«Լիբանանի տնտեսական վիճակը շատ երերուն եւ վտանգաւոր է, կը պահանջէ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն մտցնել։ Որքան կը ձգձգուի եւ  կ'ընդլայնուի պատերազմը հարաւի մէջ, այնքան տնտեսութիւնը կ'ընկղմի անյայտութեան մէջ, քանի որ այն արդէն ամբողջովին սպառած է, յատկապէս, եթէ մենք կը խօսինք պետական հատուածի մասին», – ըսած է Սալամի:

Լիբանան արդէն քանի տարի է, որ կը գտնուի ֆինանսական-տնտեսական ճգնաժամի մէջ, որ կ'ուղեկցուի քաղաքական եւ հասարակական լարուածութեամբ: Ճգնաժամի ֆոնին գրեթէ ամբողջութեամբ կաթուածահար եղած է դրամատնային համակարգը, տոլարի նկատմամբ ազգային արժոյթը արժեզրկուած է աւելի քան 20 անգամ։ Բնակչութեան աւելի քան 70%-ը յայտնուած է աղքատութեան շեմէն ցած մակարդակի մէջ։

Նշենք, որ իսրայէլեան-լիբանանեան սահմանին իրավիճակը սրուեցաւ 2023 թուականի հոկտեմբերին Կազայի հատուածի մէջ իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն յետոյ։ Իսրայէլեան բանակը եւ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի մարտիկները ամէն օր կը կրակեն իրար դիրքերու ուղղութեամբ ամբողջ սահմանի երկայնքով։