image

Լիբանանի «Սէրոմ»ի միակ գործարանը փակուեցաւ

 Լիբանանի «Սէրոմ»ի միակ գործարանը փակուեցաւ

Լիբանանի «Սէրոմ» արտադրող միակ գործարանը փակեց իր դռները։

Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը։

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ գործարանի փակուիլը հետեւանք է վառելանիւթի պակասին, որ զգալի դարձած է մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն։

Իր կարգին «Ալֆա լայթ» գործարանի բանբերը, որ այս մասին խօսած է ըսած է, որ գործարանը «սէրոմ» կը տրամադրէ Լիբանանի հիւանդանոցներուն, նշելով նաեւ, որ  ստեղծուած իրադրութիւնը կրնայ քաոսային հետեւանքներ ունենալ երկրի առողջապահական համակարգին վրայ։