Լիբանանի «Սէրոմ» արտադրող միակ գործարանը փակեց իր դռները։
Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը։Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ գործարանի փակուիլը հետեւանք է վառելանիւթի պակասին, որ զգալի դարձած է մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն։
Իր կարգին «Ալֆա լայթ» գործարանի բանբերը, որ այս մասին խօսած է ըսած է, որ գործարանը «սէրոմ» կը տրամադրէ Լիբանանի հիւանդանոցներուն նշելով նաեւ, որ ստեղծուած իրադրութիւնը կրնայ քաոսային հետեւանքներ ունենալ երկրի առողջապահական համակարգին վրայ։