image

Լիբանանի մէջ. Յարութ Լաքիսեան` Զահլէի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի վարչութեան անդամ ընտրուած է

 Լիբանանի մէջ. Յարութ Լաքիսեան` Զահլէի  եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի վարչութեան անդամ ընտրուած է

Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք ՝

 

3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցաւ Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովը:

 

Խորհուրդին անդամակցած են 103 թաղապետներ, որոնք երեք տարին անգամ մը կ՛ընտրեն իրենց վարչութիւնը: Վերջին ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 2018-ին: Այս տարուան ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգուած ընտրութիւններն են` «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով:

 

3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովին ընտրուեցաւ խորհուրդը ներկայացնող վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէ Այնճարի թաղապետ Յարութ Լաքիսեան, որ նաեւ ընտրուեցաւ պետութեան մօտ խորհուրդի ներկայացուցիչ:

 

Ընդհանուր ժողովին 73 ներկայ թաղապետներէն Յարութ Լաքիսեան ստացաւ 73 քուէ:

 

Նշենք, որ թաղապետ Յարութ Լաքիսեան 1994-ին նշանակուած թաղապետ է: 1998-էն ի վեր ընտրուած թաղապետ: