Օրերս, Լիբանանի Զահլէ շրջանի երկրաշարժի ֆոնին, երկրաշարժերու մասնագէտ գիտնական լիբանանցի Թոնի Ալ Նըմըր հրապարակած է լուսանկար մը, ցոյց տալով Լիբանանի Զահլէ շրջանի ժայռերէն մէկուն մէջ յառաջացած խոռոչ մը: Ըստ մասնագէտին՝ այդ ժայռը արտաքին մասնիկ մըն է շատ մեծ երկրային խաւի մը, որ կը կոչուի Ալ Եամմունէ:
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Լիբանան 24» կայքէն:
Մասնագէտը իր թուիթըրեան էջով զգուշացուցած է, որ կարելի չէ պայթումներ կատարել այս տիպի վայրերու մէջ, որովհետեւ անոնք կը խթանեն երկրաշարժեր առաջացնելու:
Նշենք, որ 3 յունիսի ժամը 2:15-ի սահմաններուն, Զահլէի բնակչութիւնը զգացած էր երկրաշարժ մը, որուն նախորդած էր զօրաւոր պայթում: Երկրաշարժի ուժգնութիւն գնահատուած է 3 Ռիխթըր աստիճանով:
Ըստ նախնական տուեալներուն՝ երկրաշարժը եղած է ի հետեւանք Ալթուէյթի-Քատաա շրջանի քարահանքերու պայթումներուն:
Նշուած է, թէ Անվտանգութեան ուժերը սկսած են հետաքննութիւն այս նիւթի առնչութեամբ: