Ըստ աւանդութեան Ս.Դ.Հ.Կ. «Տխրունի» Ուս. Երիտ. Միութիւնը այս տարի եւս ամառնային ծրագիրը եզրափակեց տարեկան բանակումով մը որ այս տարի յատուկ եղաւ իր բնոյթով : Տ.Ո.Ե.Մ.-Ի վարչութեան կազմակերպած այս բանակումը իր բովանդակութեամբ կ'ընդգրկեր «Սեմինար- Բանակումի» յատկութիւնները: Բանակումը տեղի ունեցաւ 3-5 Օգոստոս 2018-ին Զմմառու Հայ կաթողիկէ վանքի բանակավայրին մէջ:
Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 65 Տխրունիական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ գլխաւորութեամբ Տ.Ո.Ե.Մ.-Ի վարչութեան:
Հիգշաբթի,2 Օգոստոսին երեկոյեան խումբ մը ընկերներ մեկնցան բանակավայր որպէսզի դասաւորեն պէտք եղած կազմակերպչական գործերը:
Յաջորդ առաւօտ ժամը 10:00-ին, երիտասարդները հաւաքուած էին Տխրունի ակումբ մեկնելու համար բանակավայր: Դասաւորուելէ ետք իրեց պիտոյքները եւ իրերը,ժամը 11:15 աֆթօպիւսը ժամբայ ելաւ դէպի Զմմառու Հայ կաթողիկէ վանք:
Բանակավայր հասնելով տեղաւորուելէ ետք բոլորնալ անհամբեր կը սպասէին բանակումին պատրաստուած յայտագրին որպէսի շուտով գործի լուծուէին : կարճ դադարէ մը ետք Տ.Ո.Ե.Մ.-Ի ատենապետը փոխանցեց բանակումի ծրագիրը եւ հիմնական սկզբունքները:
Բանակումի ասնակիցները բաժնուեցան տարբեր խումբերու որպէսի դիւրացնեն կազմակերպչական աշխատանքները իւրաքանչիւր խմբակ ստանցնելով եւ ամբողջացնելով իրենց վստահուած աշխատանքը: ժամը հասած էր կէսօրուան ճաշին որ պատրաստուած էր խոհանոցի բաժինը ստանցնած խմբխկին կողմէ:
Կարճ դադարէ մը ետք բանակումի մասնակիցները կատարեցին արշաւ մը որպէսի ծանօթանան բանակավայրի շրջակայքին,վերադարնալէ ետք մասնակիցները դասախօսութիւններու համար յատկացուած հիւրասրահէն ներս հիւրնկալեցին Արարատ Օրաթերթի Տնօրէն ընկերուհի Անի Եփրեմեանը: Ընկերուհի Եփրեմեան իրեն տրամադրուած ժամանակամիջոցին գոհացուցիչ եւ շատ յստակօրէն խօսեցաւ հայ մամուլի կարեւորութեան մասին շեշտելով հայ երիտասարդի աջակցութեան եւ օժանդակութեան վրայ աւելցնելով իր խօսքը ընկերուհի Անին անդրադարցաւ հայ մամուլի միջոցաւ պահպանել հայ մշակույթի արժանիքները եւ հայապահպանման սկզբունքները: Դասախօսութիւնէն ետք երիտասարդները ընթրեցին բնութեան մէջ եւ կրակին շուրջ հաւագուելով երգեցին ազգային եւ կուսակցական երգեր: Արդեն ժամը հասած էր ճրագմարի եւ բանակումի մասնակիցները սկսած էին պահակութեան՝ փոխն ի փոխ:
Շաբաթ, 4 Օգոստոս առաւօտեան ժամը 8:00-ին, մարզանքէ ետք երիդասարտ երիտասարդուհիները բնութեան քիրկը նախաճաշեցին: Նախաճաշելէ ետք մասնակիցները հաւագուեցան դասախօսութիւններու համար յատկացուած հիւրասրահէն ներս ուր ընկ. Տիգրան Միհրանեան խօսեցաւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան, պատմութեան, գաղաբարախօսութեան եւ ծրագրին մասին: Ընկ. Միհրահնեան իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարցաւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ունեցաց ներդրումին մասին հանուն մարդկութեան եւ Հայ ժողովուրդի գոյատտեւման:
Կարճ դադարէ մը ետք, մասնակիցները անցան գործի եւ սկսան գիշերուայ խարոյկահանդեսի հայտագրի կազմակերպչական պատրաստութիւնները:
Ճամը հասած էր կէսօրուան ճաշի. ճաշելէ ետք, երիտասարդական դիւանի կողմէ պատրաստուած էր “Rally Paper”-ի խաղը: Խաղի ընթացքին բանակավայրէն ներս կը տիրեր խանդաւար մտնոլորտ: Կէսօրէ ետք երիտասարդները զբոսնեցին Զմմարու վանքի շրջակայգին մէջ:
Շաբաթ երեկոյեան բանակավայր ժամանեցին Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ընկերները՝ գլխաւորութեամբ վարիչ մարմնի փոխ ատենապետ ընկ. Մարտիկ Ժամկոչեանի: Երիդասարդները ժամանած ընկերները դիմաւորեցին հիւրասրահէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ Տ.Ո.Ե.Մ.-ի կազմակերպած կոկիկ հայտագիրը. հայտագրի աւարտին խօսքը տրուեցաւ վարիչ մարմնի փոխ ատենապետ ընկ. Մարտիկ Ժամկոչեանին: Ընկ. Ժամկոչեան իր խօսքին մէջ նշեց Տխրունիական ըլլալու կարեւորութեան մասին, աւելցնելով որ Տխրունիականները միշտ պէտք է մնան հաւատարիմ Հնչակեան կուսակցութեան գաղաբարախօսութեան եւ արժեքներուն:
Գիշերուան ժամը 9:30-ին երիտասարդները ունեցան 2-րդ դաստիարակչական բաժին մը ուր Ռմէյլի Ս.Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր Յովիւ Արժ.Տէր Ղեւոնդ.Քհնյ Լօշխաճեան խօսեցաւ «Հաւատք»-ի մասին: Հոգեւոր Յովիւ ըսաւ թէ պէտք է ամէն Հայ երիտասարդ իր կրօնական հաւատքի կողքին ունենայ իր հայրենիքի հանդեպ հաւատքն ու սէրը: Գիշերուան ուշ ժամէն ետք երիտասարդները մասնակցեցան ուսանողական դիւանի կողմէ պատրաստուած “Treasure Hunt” խաղին:
Կիրակի առաւօտեան նախաճաշէն ետք, հիւրընկալեցին Տօքթ. Անդրանիկ Տաքէսեանը: Տօքթ. Տաքէսեան խօսեցաւ հայոց Ցեղասպանութեան մասին, անդրադարնալով այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած ներքին եւ դիւանագիտական սխալներուն: Բանակավայրը մաքրելէ եւ վրանները հաւաքելէ ետք, պատրաստ էր ճաշը:
Կարճ դադարէ մը ետք, մասնակիցները հաւաքուեցան դասախօսութիւններու հիւրասրահէն ներս ուր ընկ. Յակոբ Քէօշկէրեան խօսեցաւ «Սոցեալ Դեմոկրատ» սկզբունքին մասին: Քէօշկէրեան ըսաւ թէ այսօր, աշխարհի զարգացած բոլոր երկիրները որդեգրած են Սոցեալ Դեմոկրատական սկզբունքներ աւելցնելով նաեւ որ մեր նախնիները արդեն աւելի քան դար մը առաջ որդեգրած էին այս սկզբունքները:
«Սեմինար-Բանակում»-ի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդլայնուած զրոյց ուր քննարկուեցաւ Տ.Ո.Ե.Մ.-ի առջեւ դրուած մարտահրաւէրներուն մասին եւ մշակուեցաւ յառաջիկայ 6 անսուայ աշխատանքային ծրագիրը:
Լուրը ՝ «Արարատ»էն