image

AMAA-ի 105-րդ Տարեկան ժողովէն առաջ. Խորհուրդի Նիստ՝ Մոնթրէալի մէջ (Լուսանկար)

AMAA-ի 105-րդ Տարեկան ժողովէն առաջ. Խորհուրդի Նիստ՝ Մոնթրէալի մէջ (Լուսանկար)

ԱՀԱԸ-ն (AMAA) իր ընթացիկ տարուան տարեժողովը պիտի կայացնէ՝ Գանատայի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՀԱԸ-ի Հայաստանեան մարմնի դիմատետրեան էջէն։

Նշենք, որ ԱՀԱԸ-ն առաջին անգամն է, որ այս կարեւոր ժողովը կը գումարէ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի կորուստէն ետք։ 

Ստորեւ Խորհուրդի նիստին մասին տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը.-

AMAA-ն իր Խորհուրդի նիստն կայացուց 105-րդ տարեժողովէն առաջ՝ ուրբաթ, 2024 թուականի հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Առաջին Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Նիստը կը նախագահէր AMAA-ի Խորհուրդի նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանը: Բացման աղօթքը եւ կարճ հոգեւոր պաշտամունքը կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Գողգոթայ Հայ ժողովական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Կալվին Սաղրեանը։

Զեկոյցներ ստացուած են Ընկերակցութեան պատասխանատուներէն եւ յանձնաժողովներու նախագահներէն: