image

Լիբանանի հետ պատերազմը կը թեւակոխէ նոր փուլ. Եոաւ Կալանթ

Լիբանանի հետ պատերազմը կը թեւակոխէ նոր փուլ. Եոաւ Կալանթ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարած է, որ երկիրը նոր ուժեր կը տեղափոխէ Լիբանանի հետ հիւսիսային սահման, ուր պիտի սկսի «պատերազմի նոր փուլ»ը:

«Այդ մեզմէ կը պահանջէ քաջութիւն, վճռականութիւն եւ հաստատակամութիւն»,-ըսած է նախարարը՝ ելոյթ ունենալով Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու կայանին մէջ, յայտնած է The Times of Israel պարբերականը։

 «Կը կարծեմ, որ մենք այս պատերազմի նոր փուլի սկիզբն ենք եւ պէտք է յարմարուինք»,-աւելացուցած է Կալանթ:

Կալանթ ընդգծած է, որ հիւսիսային ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւններու նպատակը «պարզ եւ յստակ է՝ հիւսիսային բնակավայրերու բնակիչներու անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ»։

Իր հերթին, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն նոյն օրը խոստացած է, որ երկրի հիւսիսի տարհանուած բնակիչները պիտի վերադարձնէ իրենց տուները։

Իր տեսաուղերձին մէջ ան չէ ներկայացուցած մարդոց տուն վերադարձնելու ծրագրի մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ չէ յիշատակած լիբանանեան «Հըզպալլա» խմբաւորման անդամներու մօտ վերջերս տեղի ունեցած կապի սարքերու պայթումները: