Իսկ եթէ այդ մէկը չիրականանայ, այդ արդէն կրնայ տանիլ առնուազն երկու կամ երեք սենարներու, որոնց մասին պիտի փորձեմ խօսիլ աւելի ուշ կամ այլ առիթով։Աս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ նախագահ ընտրուելու հիմնական «առիթ» ունին բանակի հրամանատար զօր. Աունն ու Սլայման Ֆրանժիէյն, բացի եթէ «ֆորս» մաժորային իրավիճակներ չըլլան, որոնց հետեւանքով ալ նոր նախագահ ունենալու լիբանանցիներու յոյսերը կրնան ամբողջապէս ջուրին մէջ իյնալ եւ այդ անշուշտ կը նշանակէ, որ Լիբանանը կրնայ յայտնուիլ ապահովական ցնցումներով, տնտեսական տագնապներով եւ մեծ անորոշութիւններով անյայտին գացող ոչ ցանկալի վիճակներու եւ օրերու մէջ։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Կարեւոր օրեր պիտի ապրի Լիբանանը։ Խօսքը անշուշտ նոր նախագահի ընտրութեան մասին է, որ պէտք է իրականացուի մինչեւ հոկտեմբեր 31-ը։ Այդ կը թելադրէ երկրի սահմանադրութիւնը եւ այդ կանոնին հիմամբ երկրի գործող նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն պարտաւոր է Պաապտայի նախագահական պալատը լքել մինչեւ վերը նշուած թուականը։
Մինչ այդ երկրին մէջ տեղի կ՚ունենան բազմակողմանի շփումներ, որոնք ինչ որ առումներով պիտի պատրաստեն նախագահական ընտրութեան հիմնական գաղտնաբառը՝ password-ը։
Անշուշտ գալիք ընտրութիւններու մեծագոյն «քուէարկող»ը պիտի ըլլայ «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը, որուն համար ալ շատ կարեւոր է, որ ընտրուելիք նախագահը ըլլայ «չափաւորական» ու ամենակարեւորը «հասկնայ» եւ յարգէ «դիմադրութեան գիծ»ի հիմնարար կանոնները։
Թէկուզեւ «Հըզպալլա» իընչպէս տարբեր փուլերու աճապարելու խնդիր չէ դրած իր առաջ, բայց եւ այնպէս հարկ եղած պարագային կրնայ միջամտել եւ «խաղը» իր ուզած ուղղութեամբ տանիլ։
Եթէ խօսինք անուններու «սակարան»ին մասին ապա պիտի նկատենք, որ այսօր մեծ հաշուով չորս «հիմնական» թեկնածուներու մէջէն, գլխաւոր թեկնածուներ կը շարունակեն մնալ երկրի բանակի ընդհանուր հրամանատար Զօր. Ժոզէֆ Աունը եւ «Մարատա» հոսանքի առաջնորդ ՝ Սըլայման Ֆըրանժիէյն, իսկ միւս երկու թեկնածուներ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժահը եւ «Ազգային ազատ հոսանք» շարժումի ղեկավար ՝ Ժըպրան Պասիլ, որ մինչեւ վերջերս կը համարուէն հաւանական թեկնածուներ, այսօր արդէն կը ներկայանան որպէս «խաղ»ի մասնակիցներ կամ խաղը «տնօրինել փորձող»ներ։
Նախագահական ընտրութիւն առընթեր այսօր ամէնէնէն կենսական խնդիրը ԱՄՆ-Իրան համաձայնութեան խնդիրն է, որուն իրականացումը կամ «կեսարեան» ծնունդը կրնայ նպաստել, որ Լիբանան ունենայ «չափաւորական» նախագահ մը, որուն օրով ալ երկրի տնտեսական աղէտը կրնայ կասեցուիլ ու Լիբանանը անցնի մասնակի վերականգնումի փուլ մը։
Իսկ եթէ այդ մէկը չիրականանայ, այդ արդէն կրնայ տանիլ առնուազն երկու կամ երեք սենարներու, որոնց մասին պիտի փորձեմ խօսիլ աւելի ուշ կամ այլ առիթով։
Աս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ նախագահ ընտրուելու հիմնական «առիթ» ունին բանակի հրամանատար զօր. Աունն ու Սլայման Ֆրանժիէյն, բացի եթէ «ֆորս» մաժորային իրավիճակներ չըլլան, որոնց հետեւանքով ալ նոր նախագահ ունենալու լիբանանցիներու յոյսերը կրնան ամբողջապէս ջուրին մէջ իյնալ եւ այդ անշուշտ կը նշանակէ, որ Լիբանանը կրնայ յայտնուիլ ապահովական ցնցումներով, տնտեսական տագնապներով եւ մեծ անորոշութիւններով անյայտին գացող ոչ ցանկալի վիճակներու եւ օրերու մէջ։