Լիբանանի «հեռատես» (եթէ դեռ կայ այդ յատկութիւնը) ղեկավարութեան առջեւ կայ միայն մէկ ընտրանք, շատ անկեղծ ձեւով աղաչել ՝ Ամերիկացիներուն։
Աղաչել, որ «Լիբանանեան հարց»ը չզատուի «Իրանեան խնդրէն»։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Եթէ ընթացքները այս հունով շարունակուին Լիբանանը կրնայ յայտնուիլ մեծ վտանգներու առջեւ։
Շատ կարճ ըսեմ՝ ընթացքը Իրանի հետ հաւանական «համաձայնութիւն» մըն է, եւ Թրամփ պատրաստ է այդ մէկը ընելու։
ԱՄՆ ունի մեծ «վախեր», մանաւանդ ներքին ճակատի, ընտրութեան, նաւթի սղաճի հետ կապուած։
Ու այս բոլորին առընթեր ԱՄՆ պատրաստ է «Լիբանանեան իւղոտ ճաշ»ը «նուիրել» Իսրայէլի վարչապետին։
Իրան նոյնպէս ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Ամերիկեան հարուածները դադրին ու անոր զուգահեռ բնականաբար իսրայէլեան հարուածներու ուղղութիւնը՝ Թեհրանը պիտի չըլլայ, այլ Պէյրութի Հարաւային Արուարձանը, Հարաւը եւ Պեքաան (այդ պարագային նոր «խաղեր» ալ կրնան խաղցուիլ եւ բաւականին «գունաւոր խաղեր»)։
Լիբանանի «հեռատես» (եթէ դեռ կայ այդ յատկութիւնը) ղեկավարութեան առջեւ կայ միայն մէկ ընտրանք, շատ անկեղծ ձեւով աղաչել ՝ Ամերիկացիներուն։
Աղաչել, որ «Լիբանանեան հարց»ը չզատուի «Իրանեան խնդրէն»։
Այսքանը։