Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Լիբանանցի անուանի լրագրող Ռիքարտո Քարամ օրերս «Իքս» հարթակի իր էջով սրտառուչ գրառում մը կատարած է երկրի Հարաւային հատուած իր կատարած այցին մասին։
Քարամ շատ սեղմ տողերու մէջ պատմած է լիբանանցի Ամանի Պազիին մասին, որ օրեր առաջ կորսնցուց իր երեք զաւակներն ու ամուսինը։
Պատճառը իսրայէլեան ԱԹՍ-ի մէկ հարուածն էր, որ չես գիտեր ինչ հաշիւներով թիրախաւորած էր այդ գեղեցիկ ընտանիքի ինքնաշարժը։
Պատմութիւն մը, որ տակաւին չէ դադրած եւ արեան կաթիլներ, որոնք կը շարունակեն մնալ գետնին…
Քաղաքական վարկածներն աւելորդ են արդէն, որովհետեւ մարդկային կեանքի եւ արժանապատւութեան բոլոր «Կարմիր գիծեր»ը վաղուց հատուած են…։
Կը մնայ հաւատալ, որ Ամանի Պազզին եւ իր նմանները կը կարողանան դարձեալ ոտքի կանգնիլ ու նոր երազ ու նոր կեանք բերել Լիբանանի վիրաւոր հարաւին։
Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Ստորեւ Ռիքարտո Քարամի գրառումը՝
«Օրերս այցելեցի Ամանի Պազիին՝ այն կինը, որ 21 սեպտեմբերին Հարաւի Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ, կորսնցուց իր ամուսինը եւ երեք զաւակները։
Ան խնդրեց, որ տեսնեմ զինք… եւ ես գացի։
Նստեցանք միասին երկու ժամ։ Լսեցի զինք, երբ կամաց-կամաց բացաւ իր սիրտը․ ցաւ կը թափէր անոր բառերուն մէջէն, արցունքներ՝ որոնք այդ տխուր օրուան դժբախտութենէն ի վեր առաջին անգամ կը վազէին անոր այտերն ի վար..։
Ինք ըսաւ ինծի, թէ առաջին անգամն է, որ կը լայ՝ այդ զազրելի սպանութիւնէն ի վեր։
Անոր դուստրը անգիտակցական վիճակի մէջ է տակաւին՝ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, եւ բժիշկները տակաւին կը պայքարին իր կեանքին համար։
Ինք՝ Ամանին, կը փորձէ բուժել մարմնական վերքերը, որովհետեւ հոգեկանն ու սրտի վերքերը երբեք չեն բուժուիր։
Ծանօթացայ կնոջ մը՝ 33 տարեկան, որ ուսանած էր Մարեմական կոյսերու դպրոցին մէջ, , ապա շարունակած էր իր ակադեմական ճամբան մինչեւ շրջանաւարտ դառնալը Քասլիքի «Սուրբ Հոգի համալսարան»էն։
Կին մը, որ ապրած էր սիրոյն ու ընտանիքին համար՝ իր զաւակներուն եւ ամուսնոյն համար։ Անոր տունը լեցուն էր ծիծաղով, ջերմութեամբ ու հաւատքով։
Եւ մէկ ակնթարթի մը մէջ կը կորսնցնէր ամէն ինչ։
Նստած էի կնոջ մը դիմաց, ուրուն ոչ մէկ յայտնի պատասխանատու կամ ղեկավար այցելած էր՝ ոչ ալ այնպիսի մարդիկ, որոնք կը բարբառեն եւ կը ճամարտակեն ողորմութեան եւ մարդասիրութեան անունով։
Ամանին չըստացաւ ոչ մէկ օժանդակութիւն պետութենէն, ոչ ալ մխիթարանքի։Միայն լռութիւն, հիասթափութիւն եւ ցաւ։
Խօսեցանք երկար՝ երկու ժամուն պատմութիւն, լռութիւն ու արցունքներ։
Մայրը անոր կողքին էր՝ աղօթքով կը մրմնջէր, կը փորձէր սրբել այն վիշտը, որ սրբելն անկարելի է ։
Բայց այդ ամբողջ աւերակներուն մէջ ես գտայ կին մը, որ ստեղծուած էր հազուագիւտ լոյսէ…։
Իմաստուն, հաւասարակշռուած, պարզ եւ հայրենասէր մինչեւ ոսկորները։ Կին մը, որ կորսնցուց ամէն ինչ, բայց չկորսնցուց իր արժանապատուութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը։
Երբ դուրս կու գայի, ինք տուաւ ինծի շոքոլայի կտոր մը՝ ըսելով, թէ «երեխաներուս հոգիին համար է»…
Աղօթքներ հասած էին անոր, նոյնիսկ Աննայայի «Սուրբ Շարպէլ»ի վանքէն։
Ես ալ հանեցի իմ ձեռքին վրայ եղող Լուրտի Տիրամօր հրաշագործ ապարանջանը՝ զոր կու կրեմ գիշեր ու ցերեկ, եւ նուիրեցի իրեն։
Ինք զայն դրաւ իր ձեռքին՝ յոյսով, որ այդպիսով պիտի բժշկուին իր սիրտը եւ իր աղջիկը…։
Հեռացայ հիւանդասենեակէն, հետս իր խորունկ հայեացքը… այն հայեացքը, զոր երբեք մոռնալ չես կրնար՝ հայեացք մը, որ կը պատմէ ամէն ինչ այն երկրին մասին, որ իր զաւակները թողած է առանձինն ՝ փոթորիկներուն դէմ։
Աղօթեցէ՚ք Ամանիի ու անոր դստեր համար»։