Լիբանանցի քաղաքական հանրահայտ գործիչ Էլիաս Մըր արկածէ փրկուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ Նաշրա» կայքէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ մէջ Hiking մարզաձեւը կիրառելուն ընթացքին Էլիաս Մըր սայթաքած է եւ ինկած։ Որոշ ժամանակ անց ան մեկնած է պանդոկ, ուր ունեցած է ծանր ցաւեր, որուն հետեւանքով ալ պատկան մարմիններ ստիպուած եղած են զինք փոխադրել դէպի հիւանդանոց։
Ներքին արիւնահոսութիւն եւ կողոսկրներու կոտրուածք ունեցող Մըր այժմ կը բոլորէ դարմանման փուլ մը եւ կը գտնուի բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ։
Անոր առողջական վիճակին մասին ժամեր առաջ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է որդին՝ երեսփոխան Միշէլ Մըր յայտնելով, որ մտահոգութեան պատճառ չկայ նշելով նաեւ, որ հօր առողջական վիճակը ծանր ներկայացնելու բոլոր փորձերը ստապատիր եւ անընդունելի են։
Յիշեցնենք, որ լիբանանահայութեան մեծ բարեկամ համարուող Մըր ընտանիքէն սերած Էլիաս Մըր տարբեր փուլերու վարած է ազդեցիկ պաշտօններ ըլլալով փոխ վարչապետ եւ ներքին գործոց նախարար, իսկ վերջին տարիներուն ալ կարեւոր պաշտօն զբաղեցուցած է միջազգային ոստիկանութեան ՝ Interpol-ի մէջ։