image

Լիբանանցի մեծ երգահան՝ Մոհամմատ Ժամալի մահը(Տեսանիւթ)

  Լիբանանցի մեծ երգահան՝ Մոհամմատ Ժամալի մահը(Տեսանիւթ)

Յառաջացած տարիքին իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանցի անուանի երգիչ եւ երգահան Մոհամմատ Ժամալ։

89 տարեկան Ժամալ ծնած էր Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը եւ վաղ տարիքէն ներգրաւուած երգարուեստի աշխարհին մէջ։

 Կը նշուի, որ Ժամալ երգեր գրած է Լիբանանցի տասնեակ աստղերու ու յատուկէն հռչակի տիրացած «Պատտի Շուֆաք քըլ եոմ», «Ահ եա ըմհամատա», «Մազզիքա եա մազիքա» երգերով։ 

 Ան երգեր գրած է մասնաւորապէս լիբանանցի անմահանուն աստղ՝ Սապահի համար, եւ որոշ ժամանակ մըն ալ գործած է Գահիրէի մէջ։ Ութսունականներու սկիզբը Ժամալ կը ճամբորդէ դէպի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՚ապրի արուեստէն հեռու եւ մեծ լռութեամբ յատկանշուող կեանք մը, մինչեւ իր մահը։

 Լիբանանի երգարուեստի աշխարհին մէջ իր ուրոյն անունը փորագրած Ժամալի մահը գուժած են մեծ թիւով արուեստի գործիչներ։