Այսօր ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռախօսազրոյց ունեցած ենք: Այս մասին իր X-ի էջին գրած է Փաքիստանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Իսհաք Տարը:
«Համաձայնութեան եկանք քննարկել Փաքիստանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը», գրած է Փաքիստանի ԱԳ նախարարը։