Ֆինանսական ոլորտի Լիբանանցի յայտնի գործիչ Միշէլ Մըքաթաֆ կորսնցուց իր կեանքը։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք լիբանանեան ԶԼՄ-ներէ։
Աղբիւրները կը նշեն, որ Մըքաթաֆ մահացած է սրտի ծանր կաթուածի հետեւանքով, մինչ կը վերադառնար դահուկի արշաւէ մը։
Յիշեցնենք, որ հանրային կեանքին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցած Մըքաթաֆ արտօնատէրն էր «Նիտա ալ ուաթան» աջակողմեան- քրիստոնէական թեքում ունեցող թերթին ու սեփականատէրը «Մըքաթթաֆ» ելեւմտական յայտնի ընկերութեան։ Ամիսներ առաջ Մըքաթաֆի ընկերութիւնը լուրջ հարցեր ունեցած էր, որովհետեւ նախագահ զօր. Աունին մօտիկ համարուող դատախազ ՝Ղատա Աուն դատական հայց ներկայացուցած էր ընկերութեան դէմ, անոր տնօրէնութիւնը մեղադրելով մեծագումար դրամագլուխներ Լիբանանէն ապօրինի կերպով դուրս բերելուն մէջ։