Լիբանանի Ընդհանուր Անվտանգութեան մէջ ծառայող լիբանանահայ սպայ Էլի Տեքմերճեան նոր յաջողութեան հասած է։
Պատրիարքութիւնը կը շեշտէ, որ իր զաւակներուն ներկայութիւնը ազգային պատասխանատուութեան զանազան դիրքերու մէջ կը ներկայացնէ հաւատքի եւ նուիրումի պատգամ մը եւ կը կազմէ հիմնական սիւն մը այն հայրենիքին համար, որ հիմնուած է կարողութեան եւ արդարութեան վրայ, եւ որ կը ծաղկի բազմազանութեամբ ու իսկական գործընկերութեամբ՝ մարդուն եւ հասարակութեան ծառայութեան մէջ»։
Այս առթիւ ալ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը ողջոյնի յատուկ խօսք մը հրապարակած է, որ կը ներկայացնենք՝ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն եւ հետեւորդներուն։
Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուի ՝
«Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը իր ամենաջերմ շնորհաւորանքները կը յղէ ենթասպայ էլի Տեքմերճեանին՝ Ընդհանուր Անվտանգութեան Գլխաւոր Տնօրէնութենէն անոր շրջանաւարտ դառնալու առիթով։
Պատրիարքութիւնը անոր կը մաղթէ յաջող եւ պտղաբեր մասնագիտական ուղի մը՝ հիմնուած նուիրումի եւ կարգապահութեան վրայ, եւ պսակուած հայրենիքին ամբողջական հաւատարմութեամբ ու պատասխանատուութեամբ ծառայելով։
Այս յաջողութիւնը Պատրիարքութիւնը կը նկատէ որպէս յոյսի եւ վստահութեան նշան իր եւ այս առիթով կը քաջալերէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները՝ ներգրաւուելու պետական հաստատութիւններուն մէջ, ըլլայ զինուորական թէ քաղաքացիական ծառայութեան, համոզումով, որ գործուն մասնակցութիւնը կենսական դեր կ՚ունենայ պետութեան կառուցման, անոր հիմնարկներու ամրապնդման եւ քաղաքացիական պարտաւորութեան ու հանրային ծառայութեան արժէքներու արմատաւորման մէջ։
Վերջապէս, Պատրիարքութիւնը կը շեշտէ, որ իր զաւակներուն ներկայութիւնը ազգային պատասխանատուութեան զանազան դիրքերու մէջ կը ներկայացնէ հաւատքի եւ նուիրումի պատգամ մը եւ կը կազմէ հիմնական սիւն մը այն հայրենիքին համար, որ հիմնուած է կարողութեան եւ արդարութեան վրայ, եւ որ կը ծաղկի բազմազանութեամբ ու իսկական գործընկերութեամբ՝ մարդուն եւ հասարակութեան ծառայութեան մէջ»։
