image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ նախարար Պուչիքեան նոր համաձայնագրեր ստորագրած է Իրաքի մէջ

Լիբանանահայ նախարար Պուչիքեան նոր համաձայնագրեր ստորագրած է Իրաքի մէջ

Լիբանանի վաչապետ Նաժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցած է Լիբանանի Ճարտարարուեստի նախարար՝ Ճօրճ Պուչիքեանի հետ, զեկոյց ստանալու վերջինիս Իրաք կատարած այցելութեան մասին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Սաութ Պէյրութ» կայքէն: 

 Հայազգի նախարարը   մասնաւորապէս ըսած է, որ Իրաքի մէջ արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած է  երկրի Ճարտարարուեստի նախարար՝ Մանհալ Ալ Խապազի եւ Տնտեսութեան նախարարին հետ, ամրապնդելու երկու երկիրներու համագործակցութիւնը ու վերակենդանացնելու  Իրաք- Լիբանան տնտեսական  համագործակցութիւնը։ 

Նախարար Պուչիքեան  նաեւ  յայտնած է, որ  իրաքցի իր գործընկերոջ հետ կնքած է արդիւնաբերական արտադրանքի փոխանակման նոր յուշագիր: