Իրանի զինուած ուժերը հրթիռներ չեն արձակած բարեկամ եւ դրացի Թուրքիոյ ուղղութեամբ, յայտարարած է Իրանի «Խաթամ ալ-Անպիա» կեդրոնական հրամանատարութեան խօսնակը։
«Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնիստական վարչակարգի առաջնորդներու անցեալի սադրանքները, կարելի է ենթադրել, որ այդ գործողութիւնը անոնց կողմէ ձեռնարկուած է՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները խաթարելու նպատակով»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Մարտի 13-ին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ երկրի օդային տարածքին մէջ իրանական հրթիռ մը խոցուած է։ Որպէս թիրախ նշած էր Ինճիրլիքի օդուժի ռազմակայանը։ Հրթիռը խոցուած էր ՆԱԹՕ-ի ուժերուն կողմէ։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ մարտ 4-ին եւ 9-ին Իրանէն արձակուած երկու պալիսթիք հրթիռներ խոցուած են։ Այդ ժամանակ Իրանի իշխանութիւնները նոյնպէս հերքած էին միջադէպին իրենց մասնակցութիւնը։