image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան Նոր Քաղաքական Քաոսի Մը Սեմի՞ն

Լիբանան Նոր Քաղաքական  Քաոսի  Մը Սեմի՞ն

Լիբանան- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Լիբանանը նոր  քաղաքական քաոսի մը  սեմին է : Այս մասին գրած է    «Ալ Հայաթ»   պարբերականը:  Թերթը, որ  յատկապէս  գրած է   երէկ   ստեղծուած նոր  տագնապին առընթեր,  նաեւ յայտնած է, որ երեսփոխան Միշէլ Աունի գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք»ը  կը պատրաստուի փողոց իջնել:Նշենք, որ երէկ «Հըզպալլա»ի, «Ազգային Ազատ Հոսանք»ի եւ Հ.Յ.Դ.ի նախարարները (թիւով 6) կէս ձգած էին կառավարութեան արտակարգ նիստը եվ հեռացածԸստ  թերթին ունեցած  տեղեկութիւններուն այս ընթացքով երկիրը կը մտնէ  քաղաքական  անդամալուծման  նոր փուլ մը եւ չի բացառուիր, որ  քաղաքական   այս իրավիճակը իր  վատ  հետեւանքները ունենայ երկրի տնտեսական եւ ապահովական      գետիններուն վրայ: Նշենք, որ   աւելի քան 1,5  տարիէի ի վեր  Լիբանան կը շարունակէ   առանց նախագահի մնալ: Երկրին մէջ  առկայ սուր տարակարծութիւնները պատճառ կը դառնան, որ    քաղաքական կողմերը  չկարողանան   նոր քրիստնեայ-մարոնի  նախագահ մը  ընտրել: Յիշեցնենք նաեւ, որ երեսփոխան Միշէլ Աուն այսօր մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ: Կարգ մը աղբիւրներ այդ ասուլիսը  անկիւնադարձային համարած են: