Լիբանանի մէջ այսօր կարեւոր զարգացումով մը բացայայտուած է «Իսլամական պետութեան» հետ կապ ունեցող վտանգաւոր յանցախումբ մը: Այս մասին այսօր յայտարարութիւնը կատարած է Լիբանանի ներքին գործոց նախարար՝ Պասսամ Մաուլաուի:
Մաուլաուի, որ մամլոյ ասուլիս մը տուած է, նաեւ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է յանցախումբին մասին կարեւոր մանրամասնութիւններ: Ան նշած է, որ յանցախումբի անդամները պաղեստինցիներ են, որոնք կը ծրագրէին, յատկապէս Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկչական պայթումներ իրականացնել նպատակ ունենալով խուճապահար դարձնել Լիբանանը:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ այս բացայայտումը կարեւոր իրագործում մը կը համարուի Լիբանանի ապահովութեան մարմիններուն համար:
Յիշեցնենք, որ Լիբանան կը բոլորէ կարեւոր փուլ մը, այն իմաստով, որ քաղաքական ընդհանուր բեմահարթակը կը պատրաստուի շրջանային ուժերու կողմէ խրախուսուած խորհրդարանական ընտրութեանց, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մայիս ամսուան ընթացքին: