image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Բացայայտուած է «Իսլամական պետութեան» վտանգաւոր յանցախումբ մը

Լիբանան. Բացայայտուած է «Իսլամական պետութեան» վտանգաւոր  յանցախումբ մը

Լիբանանի մէջ այսօր կարեւոր զարգացումով մը բացայայտուած է «Իսլամական պետութեան» հետ կապ ունեցող վտանգաւոր յանցախումբ մը: Այս մասին այսօր յայտարարութիւնը կատարած է Լիբանանի ներքին գործոց նախարար՝ Պասսամ Մաուլաուի:

Մաուլաուի, որ մամլոյ ասուլիս մը տուած է, նաեւ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է յանցախումբին մասին կարեւոր մանրամասնութիւններ: Ան նշած է, որ յանցախումբի անդամները  պաղեստինցիներ են, որոնք կը ծրագրէին, յատկապէս Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկչական պայթումներ իրականացնել նպատակ ունենալով խուճապահար դարձնել Լիբանանը:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ այս բացայայտումը կարեւոր իրագործում մը կը համարուի Լիբանանի ապահովութեան մարմիններուն համար:

Յիշեցնենք, որ Լիբանան կը բոլորէ կարեւոր փուլ մը, այն իմաստով, որ  քաղաքական ընդհանուր բեմահարթակը կը պատրաստուի շրջանային ուժերու կողմէ խրախուսուած խորհրդարանական ընտրութեանց, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մայիս ամսուան ընթացքին: